Հարցազրույց՝ Միչիգանի Համալսարանի Դիրբորնի մասնաճյուղի Հայոց ու Մերձավոր-արեւելեան պատմության դասախոս Արա Սանջյանի հետ
-Լիբանանի մէջ արտագաղթի տրամադրութիւններն այս օրերուն համընդհանուր են ու չեն սահմանափակուիր տեղի հայ համայնքով։ Լիբանանի մէջ տնտեսական անկումը նկատելի էր վերջին մի քանի տարիներուն։ Անիկա անժխտելի դարձաւ անցեալ տարուան Հոկտեմբեր 17-ին՝ երբ պարզուեցաւ թէ լիբանանեան կառավարութիւնն այլեւս ի վիճակի չէ վերադարձնելու լիբանանեան մասնաւոր դրամատուներէն եւ արտասահմանեան պարտատոմսերով իր փոխ առած աւելի քան 80 միլիառ տոլար հաշուըւող պետական պարտքը։ Մինչեւ օրս կառավարութիւնը չէ կրցած համաձայնութեան գալ Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամին եւ հարուստ պետութիւններու հետ ու տնտեսական այս անելէն դուրս գալու հանգրուանային ծրագիր մը մշակել։ Առաւել եւս, այս ֆինանսա-տնտեսական ճգնաժամը կը բարդանայ քաղաքական պատճառներով. Լիբանանը վերջին շրջանին դարձած է Իրանի եւ վերջինիս ենթակայ «Հըզպալլա» կուսակցութեան դէմ ԱՄՆի, Իսրայէլի ու Սէուտական Արաբիոյ, նաեւ՝ անոնց համախոհներուն ու ենթականերուն, մղած սուր պայքարին գլխաւոր ասպարէզներէն մէկը։ Այս բարդ եւ գոնէ առ այսօր անելանելի թուացող իրավիճակը արտագաղթի տրամադրութիւններուն գլխաւոր դրդապատճառն է՝ մանաւանդ երբ այս ճգնաժամէն դուրս գալու որեւէ հեռանկար չկայ տակաւին։
Կրնանք ըսել թէ Օգոստոս 4-ին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ կործանարար պայթումը միայն յաւելեալ ապացոյց մըն էր թէ Լիբանանի պետական վարչամեքենան այսօր ողբերգական եւ անզօր վիճակի մատնուած է եւ հանրութիւնը անոր վրայ յոյս չի կրնար դնել։ Վերջին պայթումէն ետք կատարուած հարցախոյզի մը համաձայն, Լիբանանի քրիստոնեաներուն (ներառեալ՝ հայերը) 41 տոկոսը, սիւննի մահմետականներուն 38 տոկոսը եւ շիի մահմետականներուն 36 տոկոսը ցանկութիւն կը յայտնեն երկրէն արտագաղթելու։ Շուրջ երկու ամիս առաջ, լիբանանցի լրագրողներ հաղորդեցին թէ երկրին մէջ գործող տարբեր օտարերկրեայ հիւպատոսութիւններ ներգաղթի 380 հազար դիմումնագրեր ստացած էին լիբանանցի քաղաքացիներէ։ (Երկրին մէջ լիբանանեան քաղաքացիութիւն ունեցող մշտական բնակչութիւնը աւելի քան 4.2 միլիոն կը հաշուըւի։)
Աւելի քան մէկուկէս դար է, որ Լիբանանէն կանոնաւորաբար արտագաղթ տեղի կ’ունենայ։ Այսօր Լիբանանէն դուրս մշտապէս բնակող ծագումով լիբանանցիները միլիոններ կը կազմեն․ անոնք շատ աւելի են, քան Լիբանանի ներկայ մշտական բնակչութիւնը։ Լիբանանցի գրեթէ բոլոր ընտանիքներն այսօր երկրէն դուրս ազգականներ ունին, ինչ որ կը քաջալերէ յաւելեալ արտագաղթը։ Այս տրամադրութիւնները երկար պիտի շարունակուին, քանի որ լաւագոյն պարագային երկիրը առնուազն տասը տարուան կարիք ունի 2019 թուականի իր կենսամակարդակը վերագտնելու համար։ Նոյնիսկ այդ տասը տարին կրնայ բաւարար չըլլալ, որովհետեւ Լիբանանը քաղաքականօրէն բարդ տարածաշրջանի մը մաս է։ Զարմանալիօրէն, արտագաղթի այս ալիքը արգելակող գլխաւոր պատուարը միա՛յն այն իրողութիւնն է, որ այսօր աշխարհի երեսին շատ պետութիւններ չկան, որոնք պատրաստ են Լիբանանէն ներգաղթեալներ ընդունելու։ Արտագաղթել ցանկացող լիբանանցիներուն մեծ մասը զինք ընդունող երկիրներ չի գտներ…
Սեպտեմբեր 27-ի պատերազմէն առաջ, երբ կը լսէի թէ դէպի Հայաստան ներգաղթ պէտք չէ ըլլայ յետեղեռնեան սփիւռքէն՝ այն պատրուակով թէ այսօրուան Հայաստանին պէտք է ուժեղ սփիւռք մը, ակամայ կը մտածէի թէ նոյնանման փաստարկներ յառաջ պիտի քաշուէի՞ն արդեօք եթէ օր մը իրականանար Արեւմտահայաստանի կամ Կիլիկիոյ մէջ վերստին հայկական պետականութիւն ունենալու ազգային երազանքը
Լիբանանահայերն այս իմաստով տարբեր են՝ քանի որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ առնուազն մինչեւ Սեպտեմբեր 27-ին սանձազերծուած պատերազմը, կը յայտարարէր թէ ինք պատրաստ է լիբանանահայերուն անմիջապէս քաղաքացիութիւն շնորհելու եւ հրապարակաւ կ’ողջունէր անոնց Հայաստան փոխադրուիլն ու հաստատուիլը։ Լիբանանի կրօնական միւս յարանուանութիւններէն ոչ մէկը նման հնարաւորութիւն ունի։ Բայց, գլխաւոր մարտահրաւէրն այն է, յատկապէս՝ պատերազմի անբարենպաստ ելքէն ետք, թէ Հայաստանի տնտեսութիւնն այսօր ունի՞ կարողութիւնը ընդունելու մեծ թիւով հայրենադարձներ, որոնք շուտով լուծեն իրենց բնակարանի հարցերն ու գոհացուցիչ եկամուտով աշխատանք ունենան։ Նոյնիսկ, եթէ սփիւռքի միւս համայնքներէն նիւթական օժանդակութիւն տրուի Հայաստանի պետութեան ու ներգաղթեալներուն, վերջիններուս թիւը՝ տնտեսական դժուարութիւններու հետեւանքով, դատապարտուած է սահմանափակ մնալու՝ մանաւանդ որ Հայաստան ներգաղթել ցանկացողներուն մէկ մասը իր ձեռքը կանխիկ խնայողութիւններ չունի Լիբանանի դրամատնային համակարգի անդամալոյծ վիճակին հետեւանքով կամ առհասարակ աղքատ ու կարիքաւոր եղած է։ Ասոր վրայ թերեւս պէտք է աւելցնել նաեւ թէ պատերազմէն ետք՝ գէթ ժամանակաւորապէս, ենթադրաբար խարխլած ըլլալու է Հայաստանի Հանրապետութեան խաղաղ եւ ապահով պետութիւն մը ըլլալու վարկը։
-Լիբանանահայութիւնը իբրեւ համայնք կը կծկուի 1975 թուականէն ի վեր, երբ սկիզբ առաւ 15 տարի տեւած քաղաքացիական պատերազմը։ Այս կծկումին հիմնական պատճառը այդ տարիներու արտագաղթն էր։ 1975-ին Լիբանանի մէջ կը բնակէր շուրջ 200 հազար հայ։ Այսօր՝ 45 տարի ետք, գաղութի ղեկավարները կը խօսին երկրին մէջ 50-60 հազար հայութեան մասին՝ թէեւ Լիբանանի մէջ բնակչութեան վերաբերող վիճակագրական բոլոր թիւերը մօտաւոր են։ Անցեալ տարի, Լիբանանի մէջ յարգուած վիճակագրական հաստատութիւն մը մանրամասն ուսումնասիրութիւն մը հրատարակեց, որու համաձայն 2018-ին լիբանանեան քաղաքացիութիւն ունէին 5.5 միլիոն հոգի, բայց անոնցմէ միայն 4.2 միլիոնը կը բնակէր Լիբանանի մէջ։ Ըստ այս վիճակագրութեան, լիբանանեան քաղաքացիութիւն ունէին 94,780 հայ առաքելականներ եւ 22,344 կաթողիկէ հայեր։ Սակայն, այս թիւերուն մէջ ընդգրկուած են նաեւ այն նախկին լիբանանաբնակ հայերը, որոնք վաղուց արտագաղթած են, բայց գէթ ձեւականօրէն կը պահեն իրենց լիբանանեան քաղաքացիութիւնը, նոյնիսկ՝ արտագաղթած անձինք, որ կրնան արտասահմանի մէջ մահացած ըլլալ, բայց իրենց մահը չէ արձանագրուած Լիբանանի պետական տոմարներուն մէջ։ Վիճակագրութիւնը հայ աւետարանականներուն ճշգրիտ թիւը չի հաղորդեր՝ քանի որ անոնք Լիբանանի մէջ պետութեան կողմէ ճանչցուած առանձին համայնք չեն կազմեր։ Նոյն վիճակագրութեան տուեալներով, Լիբանանի քաղաքացիներու 5․5 միլիոն համընդհանուր թիւին մէջ՝ 2018-ին, կային 20,688 աւետարանականներ՝ հայ եւ արաբախօս հաւաքաբար։
Կայ նաեւ երկրորդ տեսակի «գաղթ»՝ լիբանանահայ համայնքային կառոյցներէն դէպի երկրի միւս քրիստոնեայ համայնքները, այսինքն՝ աստիճանական ձուլում Լիբանանի արաբախօս քրիստոնեայ միջավայրին մէջ, ուր առաջնորդող դեր ունի մարոնիթ կաթողիկէ համայնքը։ Այս երեւոյթին գլխաւոր ցուցիչները արաբախօս քրիստոնեաներու հետ «խառն» ամուսնութիւններու յարաճուն թիւն է, ինչպէս նաեւ հայ ծնողներու իրենց զաւակները աւելի ու աւելի ոչ-հայկական վարժարաններ ուղարկելու հանգամանքը։ Եթէ 1975 թուականին լիբանանահայ վարժարաններ կը յաճախէին շուրջ 21 հազար աշակերտներ, 1991-ին՝ շուրջ 12 հազար, ապա 2018-2019-ին՝ միայն շուրջ 5500։
Լիբանանի խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններուն (2018) ժամանակ, այն երեք ընտրաշրջաններուն մէջ, ուր հայ թեկնածու ընտրելու հնարաւորութիւն կար, հայ քուէարկողներուն շուրջ 20 տոկոսը իր ձայնը տուաւ ոչ հայ թեկնածուներու։
Հետզհետէ Լիբանանի արաբախօս քրիստոնեայ համայնքներուն մէջ համարկուող, ծագումով հայ անձինք ոչ միայն սովորաբար հեռու կը մնան լիբանանահայ համայնքային կառոյցներէն, անոնք բնականաբար շատ քիչ կը հետաքրքրուին նաեւ Հայաստանի խնդիրներով։ Այսուհանդերձ, վերջին տարիներուն, այս խումբին պատկանող շատ անձինք օգտուեցան գրեթէ առանց պայմաններու Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու հնարաւորութենէն։ Լիբանանահայ նօսրացող համայնքէն ներս տակաւին գործունեայ անձինք իրարամերժ գնահատական կու տան այս երեւոյթին։ Անոնց մէկ մասը անարդար կը գտնէ Հայաստանի քաղաքացիութիւն շնորհել մարդոց, որոնք հայ առաքելականի, հայ կաթողիկէի կամ հայ աւետարանականի համայնքային ինքնութիւն միա՛յն ինքնաբերաբար ժառանգած են իրենց նախնիներէն, բայց անձամբ որեւէ հետաքրքրութիւն չեն ցուցաբերեր լիբանանահայութեան ու Հայաստանի առօրեային հանդէպ, ու հաւանաբար հայաստանեան անձնագիրներն ալ օգտագործեն միա՛յն անձնական խնդիրներ լուծելու (օրինակ՝ օտար երկիրներ աւելի դիւրին մուտքի արտօնագիր ստանալու) համար։ Լիբանանահայ համայնքէն ներս կայ ուրիշ թեւ մը, սակայն, որ կը յուսայ թէ հայաստանեան քաղաքացիութիւնը առիթ կը հանդիսանայ, որ անոր տիրացած մարդիկ սկսին աւելի հպարտ զգալ իրենց հայկական ծագումով ու թերեւս աւելի մօտիկնան լիբանանահայ համայնքային կառոյցներուն։
-Համայնքային կառոյցներու ղեկավարներուն լիբանանահայութիւնը չնօսրացնելու մտահոգութիւնը բնական կը գտնեմ։ Արդէն մէկ դար իբրեւ մեծաթիւ համայնք Լիբանանի մէջ բնակելով, հայերը աստիճանաբար երկրին՝ համայնքային հիմունքներու վրայ գործող, քաղաքական ու պետական պաշտօններու շարքին ձեռք ձգած են իրենց մասնաբաժինը, որ քիչ թէ շատ բոլորէն կը յարգուի այսօր։ Եթէ լիբանանահայութիւնը շարունակէ փոքրանայ, Լիբանանի միւս համայնքները մեծ ուրախութեամբ պիտի փորձեն իւրացնել այդ մասնաբաժինը կամ անոր մէկ մասը։ Այդ գործընթացը մասամբ սկսած է արդէն․ վերջին տարիներուն, ոչ-հայկական, արաբախօս քրիստոնեայ կուսակցութիւններ յաճախ իրենց հայ անդամները յառաջ քշած են հայ համայնքին վերապահուած պաշտօնները զբաղեցնելու համար՝ հայկական կուսակցութիւններու աջակցութիւնը վայելող թեկնածուներու փոխարէն, եւ երբեմն ալ յաջողած են տիրանալ այդ պաշտօններուն։
Պէտք է նկատի առնենք նաեւ, որ 1920-30-ական թուականներէն ի վեր, Լիբանանը կեդրոնատեղին է ե՛ւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս-Պատրիարքութեան։ Թէեւ այս երկու հոգեւոր կառոյցներուն իրաւասութեան աշխարհագրական շրջանակները աւելի լայն են, անոնց ողնասիւնը տասնամեակներ շարունակ կազմած են Պէյրութի եւ Հալէպի կենսունակ հայագաղութները։ Այսօր, այս երկու կեդրոնները՝ քաղաքական ու տնտեսական դժուարութիւններու հետեւանքով, արագօրէն կը փոքրանան։ Եթէ այնտեղ բնակող հայութիւնը շեշտակիօրէն նուազի, ինչպէս էր Եգիպտոսի ճակատագիրը շուրջ կէս դար առաջ, ի՞նչ պիտի ըլլայ այս հոգեւոր կառոյցներուն ապագան։ Այսպիսի հարցումներ շատ լիբանանահայերու մտքին մէջ կան այս օրերուս՝ գէթ տեսականօրէն, ու զիրենք կը տագնապեցնեն։ Հասկնալի է, սակայն, որ մարդիկ միաժամանակ խուսափին նման թեմաներ հրապարակային քննարկելէ։
Սեպտեմբեր 27-ի պատերազմէն առաջ, երբ կը լսէի թէ դէպի Հայաստան ներգաղթ պէտք չէ ըլլայ յետեղեռնեան սփիւռքէն՝ այն պատրուակով թէ այսօրուան Հայաստանին պէտք է ուժեղ սփիւռք մը, ակամայ կը մտածէի թէ նոյնանման փաստարկներ յառաջ պիտի քաշուէի՞ն արդեօք եթէ օր մը իրականանար Արեւմտահայաստանի կամ Կիլիկիոյ մէջ վերստին հայկական պետականութիւն ունենալու ազգային երազանքը․ ինչո՞ւ վառ պահել օր մը Վան կամ Կարին երթալու եւ այնտեղ իբրեւ լիարժէք հայ ապրելու երազանքը, բայց միաժամանակ յորդորել չերթալ Գիւմրի, Շուշի կամ Բերձոր (Լաչին)՝ երբ վերջինս հնարաւոր էր։ Պատերազմին հետեւանքով, հիմա Շուշին այլեւս հասանելի չէ, իսկ Բերձորի ապագան՝ մշուշոտ։ Բայց դեռ կայ Գիւմրին եւ անոր նման՝ հարիւրաւոր բնակավայրեր ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութեան ե՛ւ փոքրացած Արցախի մէջ՝ եթէ իհարկէ դէպի այնտեղ արտասահմանէն ներգաղթ թոյլատրէ ու քաջալերէ ռուսական նորահաստատ ռազմա-քաղաքական ներկայութիւնը։ Պատերազմը միաժամանակ ցոյց տուաւ, սակայն, թէ ժողովրդագրական մարտահրաւէրներուն լուծումը հայկական իշխանութեան ներքոյ գտնուող տարածքներուն վրայ՝ գոյութիւն ունեցող Հայաստանը ուժեղացնելու համար, հիմա շա՜տ աւելի կարեւոր է քան անիկա կը թուէր 2-3 ամիս առաջ։
Յամենայնդէպս, անցեալը ցոյց տուած է թէ սփիւռքահայ աւանդական կեդրոնները ամուր պահելու օգտին նոյն ինքն սփիւռքահայ վերնախաւին կողմէ յառաջ քաշուած տեսական նման փաստարկներ շատ քիչ դեր ունեցած են լիբանանահայ առանձին ընտանիքներու մնալու կամ գաղթելու անհատական որոշումներ կայացնելու ժամանակ։ 1975ին՝ քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն անմիջապէս ետք, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ընդհանուր ժողովի մակարդակով որոշում կայացուց կուսակցութենէն հեռացնելու բոլոր այն անդամները, որոնք ինքնակամ կ’արտագաղթէին Լիբանանէն։ Բայց այս որոշումը արգելք չհանդիսացաւ, որ մեկնել ցանկացողը մեկնի՝ նոյնիսկ կուսակցութեան անդամութենէն զրկուելու հաշւոյն։ Ի վերջոյ, մի քանի տարի ետք, այս պատճառով հեռացուածները համաներումի արժանացան ․․․ ու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը Լիբանան չվերադարձաւ։
Այս օրինակը կը յիշեմ ընդգծելու համար այն իրողութիւնը, որ արտագաղթը խթանող քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական պատճառները այնքան հզօր կ’ըլլան յաճախ (ինչպէս կը թուին ըլլալ այս օրերուս), որ անոնց առաջքն առնել ամբողջութեամբ՝ լոկ լիբանանահայ կամ նոյնիսկ համահայկական ջանքերով, գրեթէ անիրագործելի կ’ըլլայ։ Սա չի նշանակեր, անշուշտ, թէ արտագաղթի ցանկութիւնը պէտք է փաստական բռնագաղթի վերածել՝ օժանդակութենէ ու բարոյական նեցուկէ զրկելով մնալ ու պայքարիլ ցանկացողները։ Գործնապաշտութիւնը հաւանաբար կը թելադրէ, որ լիբանանահայութեան տագնապը դարմանելու կամ հնարաւորինս մեղմացնելու համար, հայութիւնը պէտք է որդեգրէ տարատեսակ, բայց զուգահեռ լուծումներ՝ վերջնական որոշումը թողլով իւրաքանչիւր անհատի կամ ընտանիքի, բայց՝ միաժամանակ վերջիններուս վստահութիւն ներշնչելով թէ ի՛նչ որոշում ալ կայացնեն, միայնակ պիտի չմնան։
Երբ լրագրողական աշխատանքի բերումով սկսում ես որոնել՝ որտե՞ղ է թաղված շան գլուխը, եւ հընթացս պարզում՝ որտե՞ղ են ձմեռում խեցգետինները, ուրեմն ճիշտ ճանապարհին ես։