«Հայացք դրսից». «Ալիք Մեդիայի» նոր խորագիրն է, որը նպատակ ունի ներկայացնելու 2020 թվականի 44-օրյա պատերազմից հետո առաջացած քաղաքական ճգնաժամի եւ Հայաստանի հեռանկարների շուրջ Սփյուռքի մտավորականների տեսակետներն ու մտահոգությունները։ Խորագրի առաջին հյուրը Ստամբուլի «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագիր Արա Գոչունյանն է։
Հայաստանի նորագոյն անկախութիւնը ձեռք բերուեցաւ Արցախի գոյամարտի մթնոլորտին մէջ։ Սերունդներու բազմադարեայ՝ անկախ պետականութեան վերականգնման սպասումը իրականացաւ՝ մեծ մարտահրաւէրներու պայմաններով։ Արցախի առաջին պատերազմին հայկական կողմը յաղթանակ տարաւ։
Այն, ինչ որ ռազմաճակատի վրայ ապահովուած էր, ճիշդ ժամկէտներու մէջ տեղաւորելով կարելի էր նպաստաւոր գործօնի մը վերածել Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման ճանապարհին։ Ճիշդ ժամկէտներու պարագային խօսքը կը վերաբերի Ատրպէյճանի յօժարելուն։
Արդարեւ, պարզ էր, որ ռազմաճակատի վրայ ապահովուած յաղթանակի արդիւնքը երկարաժամկէտ կրնար դժուար մարսելի ըլլալ Հայաստանի համար՝ հաշուի առնելով երկրի ներուժը եւ աշխարհագրական դիրքը։ Անկախ պատճառներէն անցնող ժամանակաշրջանին հայկական կողմը ժամկէտներու պարագային հարիւր տոկոսով թիրախաւորուած չկարողացաւ գործել։
Արդարացան այն կանխատեսումները, ըստ որոնց՝ Ատրպէյճանի ունեցած պաշարներուն բերումով տարածքաշրջանէ ներս հաւասարակշռութիւնները, ուժերու յարաբերակցութիւնը պիտի փոխուէր։ Մօտեցումներու ամբողջ տարբերութիւնները, կանխատեսումներու ամբողջ զանազանութիւնը զուգորդուեցան նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական գործօններով, մրցակցութիւնով։
2018 թուականի յեղափոխութիւնը ճամբաբաժան մը եղաւ։ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը նուաճեց Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած խումբը, որ բոլոր բնագաւառներու մէջ պետական շարունակականութեան տրամաբանութենէն դուրս գործել սկսաւ։
Նոր իշխանաւորները շատ հետեւողական գործեցին, որպէսզի պետական գործիչ դառնան այնքանով, որ ստուերի տակ չմնար իրենց «յեղափոխական»-ի կերպարը։ Գուցէ այլ բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ սա բանեցաւ, սակայն Արցախի հակամարտութեան պարագային աննկարագրելի հիասթափութեան, անփոխարինելի անկումի մը պատճառ դարձաւ։
Նիկոլ Փաշինեան բանակցային սեղանին շուրջ ալ դրսեւորեց յեղափոխական մնալու ձգտումը։ Այսօր մեզի յայտնի են բազմաթիւ վերլուծութիւններ (նոյնիսկ 44-օրեայ պատերազմէն առաջ հրատարակուած), որոնք կ՚ապացուցանեն, որ բանակցային գործընթացին մէջ ալ հայկական կողմը շարունակականութեան սկզբունքին նկատմամբ նախանձախնդիր չէ եղած։
Եթէ նոյնիսկ նոր իշխանութեան շատ վատ, անդառնալի ժառանգութիւն մը բաժին հասած էր, ապա աւելի քան երկու տարուան ընթացքին կարող վարչախումբ մը վստահաբար բան մը կրնար ընել, որպէսզի ձախողումը գոնէ այս մակարդակին չհասներ։ Անկախ ամէն ինչէ, իշխանութեան անընդունակութիւնը կը վերահաստատուի առկայ համայնապատկերին վրայ, ուր նկատելի է բանակցային վատ ժառանգութեան դէմ պոռթկումէ աւելի՝ այդ մէկը առկայ անկումը արդարացնելու միջոցի մը վերածելու ձգտումը։
Յեղափոխութենէն վերջ Հայաստանի իշխանութիւնը կրնար իր վայելած ժողովրդականութիւնը ծառայեցնել բանակցային գործընթացին մէջ խաղաղութեան կամքը ընդգծելու համար։ Մինչդեռ, այսօր շատ աւելի յստակ կ՚երեւի, որ ամբոխավարական խօսոյթը ինքնին գործօն մը դարձած է հայկական կողմի խաղաղութեան կամքին վրայ ստուեր ածելու եւ բանակցութիւնները տապալելու առումով։
Դուրսէն դիտուած, արտահերթ ընտրութեան արդիւնքը լաւատես պատկեր մը չի պարզեր։ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարը ստորագրած ղեկավարը այդ ստորագրութիւնը դնելէ անմիջապէս վերջ պէտք է հրաժարէր պաշտօնէն, պէտք է հրաժարէր երկրի ղեկէն։ Ցանկացած կայացած պետութեան մը պարագային այդպէս պէտք է ըլլար, սակայն Հայաստանի պարագային եղաւ ճիշդ հակառակը։
Այստեղ խօսքը անձ մը թիրախաւորելու, քաւութեան նոխազ մը փնտռելու չի վերաբերիր։ Եթէ նոյնիսկ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայացուցած բոլոր չքմեղանքները հարիւր տոկոսով արդար ըլլային, ապա, միեւնոյնն է, ան պէտք է հրաժարէր։ Այդ փաստաթուղթը ստորագրած ղեկավարը պէտք չէ ունենայ, պէտք չէ զգայ բարոյական իրաւունքը՝ երկիրը ղեկավարել շարունակելու։ Ի վերջոյ մէկը պէտք է մաքրէր «քաղաքական հաշիւը» եւ այնպէս մը մաքրեր, որ ապագան գրաւի տակ չմնար։ Հայաստանի պարագային այդպէս չեղաւ, անկախ բոլոր պատճառներէն, հանգամանքներէն կամ հիմնաւորումներէն։
Յունիսի 20-ի արտահերթ ընտրութեան արդիւնքն ալ այս բոլորի «թագն ու պսակը» եղաւ։ Իշխանութեան յամառութիւնը պատճառ դարձաւ, որ նահատակներու արեան հաշուոյն ահաւոր նախընտրական քարոզարշաւ մը ընթանայ։ Սա առարկայական ձեւով կրնայ նկատուիլ ցանկացած օտարի կողմէ։ Խօսքը չի վերաբերիր հայկական զգացականութեան կամ ազգային արժանապատուութեան։ Տարրական բարոյականութեան նիւթ մըն է այս մէկը։
Ընտրութեան արդիւնքն ալ կարելի չէ մեկնաբանել այլ ձեւով՝ քան ժողովուրդը մարսած է պատերազմի մեծ պարտութիւնը, հաշտուած է ձախողումին հետ, համակերպած է բոլոր հետեւանքներուն։ Մարդիկ անտարբեր են այն սպառնալիքներուն, որոնք պետականութեան գոյութեան առջեւ ստեղծուած են։
Պոռթկում մը խնդրոյ առարկայ չէ յետպատերազմեան շրջանին Հայաստանի կողմէ թոյլ տրուած տկարութիւններուն դէմ՝ ներառեալ գերիներու ճակատագիրն ու մանաւանդ՝ սահմաններու դէմ ոտնձգութիւնները։ Ու տակաւին դառն է հետեւցնել, որ ընտրութիւններու արդիւնքը հաւանութիւն մըն է, որպէսզի վերարտադրուած իշխանութիւնը շարունակէ նոյն ճանապարհով, անկաշկանդ ու անհեռատես նոր զիջումներ կարողանայ ընել։
Շատ յատկանշական է, որ ընտրողներու կէսը չէ մասնակցած ընտրութեան, ինչ որ աններելի սխալ է։ Իսկ մնացեալ կէսի գերակշիռ մասը ըսել ուզած է, որ այդքան ալ հոգը չէ կորսուածը եւ կ՚ուզէ մնացածին մէջ լաւ ապրիլ։ Մաղթենք, որ նման նախընտրութիւն կատարած մարդիկ վաղը՝ յաջորդ քայլափոխին արտագաղթի ճանապարհը չբռնեն։ Ժողովուրդի կողմնորոշումը վերէն դիտելու հովեր առնելով քննադատելը, անտարակոյս, ազնիւ չէ։ Բայց, յարգելով բոլորի մօտեցումները, նաեւ բոլորի ակնկալութիւնները, եկէք համաձայնինք, որ այս ընտրութիւններուն առողջ կողմնորոշուելու հնարաւորութիւնն ալ զլացուած էր քաղաքացիներէն։
Երիտասարդ պետութիւններու պարագային շատ բան կախեալ է ղեկավարներէն։ Հայաստանի նման երկրի մը ղեկը պէտք է յանձնուի պետական մտածելակերպը ամբողջութեամբ իւրացուցած գործիչներու։ Այլապէս, պետականութեան գոյութեան, ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան մարտահրաւէրները եթէ հրապարակաւ համեմատութեան մէջ դրուին ժողովուրդի բարեկեցութեան հետ, ապա արտաքին աշխարհը անխուսափելիօրէն կը հետեւցնէ, որ այդ բոլորը սակարկութեան առարկայ կրնան ըլլալ։
Մշտականի եւ ժամանակաւորի տարանջատումը խորաթափանց պէտք է կատարուի պետութեան ղեկավարին կողմէ։ Այլապէս, վերոյիշեալները ժողովուրդին կողմէ դժուար թէ ընկալուին որպէս միանշանակ արժէք, հասարակաց յայտարար։ Հայութիւնը, դժբախտաբար, այս դառն փորձառութիւնը ճաշակած է՝ սեփական պետականութեան ճակատագիրը էապէս վտանգելով։