«Հայացք դրսից» խորագրով ներկայացնում ենք Սոցիալ-դեմոկրատ հնչակյան կուսակցության (ՍԴՀԿ) ԱՄՆ-ի պաշտոնաթերթ «Մասիս» շաբաթաթերթի գլխավոր խմբագիր Գրիգոր Խոտանյանի պատասխանները «Ալիք Մեդիայի» հարցաշարին։
Ճիշդ է որ, 20 տարի պահած ենք իրավիճակը: Սակայն այդ ժամանակամիջոցին պատշաճ ձեւով չենք պատրաստուած պատերազմի, որ վերջին տասնամեակին գրեթէ դարձած էր անխուսափելի: Մենք բաւականացած ենք յայտարարելով, որ Հայաստանի բանակը տարածաշրջանի ամենէն մարտունակ բանակն է, սակայն այդ մէկը իրականութիւն դարձնելու համար գործնական քայլեր չեն առնուած:
Վերջերս Սթոքհոլմի մէջ գործող Միջազգային Խաղաղութեան Հիմնադրամը հրապարակեց ուսումնասիրութիւն մը, ուր ի յայտ կու գայ, թէ 1998-2020 տարիներուն Հայաստան ձեռք ձգած է 616 միլիոն տոլարի զէնք, որուն 250 միլիոնը՝ 2019-ին: Նոյն ժամանակամիջոցին Ատրպէյճան սպառազինութեան վրայ ծախսած է 8 անգամ աւելի՝ 4.1 միլիառ տոլար:
Դիւանագիտական գետնի վրայ եւս մենք չենք կարողացած ապահովել միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը: Մինսքի խումբի կողմէ սեղանի վրայ դրուած բոլոր առաջարկներու գլխաւոր բաղադրիչը եղած է եօթը շրջաններու վերադարձը Ատրպէյճանին՝ առանց Արցախի կարգավիճակի յստակեցման:
Ես համաձայն չեմ, որ քսան տարի պահած ենք «սթաթիւս քոն», ու յանկարծ ամէն ինչ փոխուեցաւ, ու պատերազմը անակնկալ էր: Մենք քսան տարի այն խաբկանքը ունեցած ենք, թէ Ռուսաստանն ու այլ մեծ պետութիւններ տարածաշրջանէն ներս լայնածաւալ պատերազմ չեն արտօներ, իսկ որեւէ բռնկում կ՚ըլլայ կարճատեւ, ինչպէս որ պատահեցաւ 2016-ի քառօրեայ պատերազմի ընթացքին: Այս անգամ կանխատեսումները սխալ դուրս եկան, եւ պատերազմը տեւեց շատ աւելի երկար, քան դիմադրելու համար մեր ունեցած կարողութիւնները:
Պատերազմը կանխելու երկու ձեւ կար: Առաջինը՝ վերադարձնել եօթը շրջանները, սակայն այդ «ծանր բեռին» տակ մտնելու պատրաստ չէր Հայաստանի ոչ մէկ ղեկավար: Երկրորդը՝ կարողանալ ռազմական հաւասարակշռութիւն հաստատել Ատրպէյճանի հետ: Սակայն, ինչպէս տեսանք, պատերազմի առաջին օրերէն յայտնի դարձաւ, որ ռազմադաշտի վրայ թշնամին ունի օդային մեծ առաւելութիւն, մանաւանդ որ խաղի մէջ մտաւ նաեւ թրքական գործօնը, որու հաշիւը չէինք ըրած:
Ինչ կը վերաբերի որեւէ հանգրուանի կանգնեցնել զայն, հոս պէտք է յիշենք, որ վարչապետը, իր մօտ հրաւիրելով բոլոր կուսակցութիւնները ու բացատրելով գետնի վրայ տիրող իրավիճակը, ըսաւ, որ պատերազմը կանգնեցնելու համար պէտք է ընդունինք մեզի առաջարկուող խիստ ծանր պայմաններ: Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները այդ հանդիպումէն դուրս եկան՝ մերժելու համար որեւէ զիջում, ու արդէն սկսան խօսիլ դաւաճանութեան մասին:
Միւս կողմէ պէտք է յիշենք ինչպէս Ռուսաստանի, Ֆրանսայի եւ ապա Միացեալ Նահանգներու կողմէ կատարուեցան երեք փորձեր՝ զինադադար հաստատելու համար, սակայն հոս եւս մեծ դեր ունեցաւ Թուրքիան, որ ամէն անգամ խրատեց Ատրպէյճանին՝ չդադարեցնել ռազմական գործողութիւնները:
Պատերազմի ելքը արդիւնք էր քսան տարուայ կառավարման ձախողութեան՝ կաշառակերութեան, փտախտի եւ պետական գանձի թալանին: Հետեւաբար, կարելի չէ ամբողջ պատասխանատուութիւնը դնել այսօրուայ կառավարութեան վրայ, որ անկասկած ունի մեղքի իր բաժինը որպէս իշխանութեան վրայ եղող ուժ:
Արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքներով ճգնաժամը ամբողջութեամբ յաղթահարուած չէ։ Խորհրդարան մուտք գործեցին արմատական ընդդիմութեան ներկայացուցիչները, որոնք արդէն իսկ կը յայտարարեն, որ Խորհրդարան կ՚երթան իշխանութիւնը վերցնելու եւ պատրաստ են զուգահեռաբար շարունակել փողոցային պայքարը: Սակայն երկիրը ապակայունացման տանելու անոնց փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան, ինչպէս պատահեցաւ պատերազմէ անմիջապէս ետք: Այդ օրերուն ընդդիմութիւնը չարժանացաւ ժողովրդային բաւարար աջակցութեան: Նոյնը պատահեցաւ այս ընտրութիւններու արդիւնքին, ու ժողովուրդը փողոց դուրս չեկաւ՝ պաշտպանելու իր քուէն, պարզ այն պատճառաւ, որ Հայաստանի քաղաքացիները համոզուած էին, որ ընտրութիւնները եղած էին ազատ ու արդար:
Միւս կողմէ, ընդդիմութիւնը ունի ֆինանսական հսկայ միջոցներ ու նաեւ լրատուական լայն ցանց հոս ու հոն ապակայունացնող քայլերու դիմելու, սակայն չեմ խորհիր, որ անոնք կարողանան արդիւնքի հասնիլ: Մտահոգութիւն կայ, որ փողոցային հռետորաբանութիւնը տեղափոխուի Ազգային ժողովի դահլիճէն ներս, ու ականատես ըլլանք սուր վիճաբանութիւններու:
Մեր անվտանգութիւնը ու ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար կարճ ժամկէտներու մէջ պէտք է արդիականացնել հայկական բանակը, որպէսզի կարողանանք ինքնուրոյն պաշտպանել մեր սահմանները, առանց ամբողջութեամբ ապաւինելու Ռուսաստանին: Այդ մէկը կարելի է իրագործել անհրաժեշտ յատկացումները կատարելով՝ արհեստավարժ բանակ ստեղծելու ուղղութեամբ:
Ներկայիս ո՛չ Թուրքիոյ, ո՛չ ալ Ատրպէյճանի հետ մնայուն խաղաղութեան հեռանկար չի տեսնուիր հորիզոնի վրայ:
Սփիւռքը պէտք է կրկնապատկէ իր ջանքերը Արցախի անկախութեան ճանաչման ուղղութեամբ ու Հայաստանի հետ միասին շեշտը դնէ «անջատում յանուն փրկութեան» միջազգայնօրէն ընդունուած սկզբունքին վրայ: Այս պարագային մենք կրնանք հասնիլ աւելի դրական արդիւնքներու ու երաշխաւորել Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը:
Ազատ ընտրութիւններու կայացումն ու ժողովրդավարութիւնը կարեւոր գործօններ են, սակայն բաւարար չեն մեր դիրքերու ամրապնդման համար: Ինչպէս տեսանք, պատերազմի ընթացքին եւրոպական երկիրներն ու Միացեալ Նահանգները բաւարար օժանդակութիւն չցուցաբերեցին Հայաստանին ու փորձեցին նոյն հեռաւորութեան վրայ մնալ բռնատիրական Ատրպէյճանի հետ, նախընտրելով իրենց տնտեսական շահերը այդ երկրին հետ:
Մենք պէտք ունինք ժողովրդավարութեան նախ մեր ներքին ճակատը ամրապնդելու, տնտեսութիւնը բարելաւելու, պիւտճէի եկամուտները աւելացնելու եւ յաւելեալ գումարներ յատկացներու բանակին ու սպառազինութեան:
Հայաստանի ապագան պայմանաւորուած է ժողովրդավարական ամուր կառոյցներու վրայ հիմնուած պետականութեան կայացմամբ: