«Հայացք դրսից» խորագրով ներկայացնում ենք լիբանանահայ հրապարակագիր, հասարակական գործիչ, yerepouni-news.com լրատվական կայքէջի խմբագիր Ահարոն Շխրդմյանի պատասխանները «Ալիք Մեդիայի» հարցաշարին։
44-օրեայ պատերազմին ուրուականը վաղուց կը շրջէր Հայաստանի եւ Արցախի վրայ: Ազրպէյճանը երբ 1990-ականներուն կորսնցուց պատերազմը, անմիջապէս ձեռնարկեց նոր բանակի պատրաստութեան եւ սկսաւ զինուիլ: Տարիներ շարունակ նախապատրաստուեցաւ: Մենք այս ամբողջ ժամանակամիջոցին յոխորտացինք, իբրեւ թէ Կովկասի ամենամարտունակ բանակը ունինք, ոմանք մինչեւ իսկ Պաքուի մէջ թէյ խմելու երազներով գինովցան: Ուրիշներու կարծիքով, առնուազն Կասպից ծով պիտի հասնէինք՝ ազերիները «սխալելու» պարագային…
Բայց պատահեցաւ այն ինչ պատահեցաւ։
Թշնամին զինուեցաւ եւ սպասեց յարմար պահուն: Մենք անտեսեցինք տարածաշրջանային եւ միջազգային զարգացումները, մեր անմիջական դրացիներուն միջեւ կնքուած ռազմաքաղաքական համաձայնութիւնները: Նեղացուցինք մեր աւանդական բարեկամները՝ Ռուսիան եւ Իրանը: Մոռցանք Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ Կովկասի ներկայացուցած ռազմաքաղաքական նշանակութիւնը: Գիտակցաբար կամ ոչ՝ փորձեցինք հեռանալ Ռուսիայէն: Հաշուի չառինք, որ շրջանային զանազան զարգացումներու հետեւանքով Անգարայի եւ Մոսկուայի շահերը կրնային համընկնիլ։ Պատերազմը անխուսափելի էր: Մէկ խօսքով, մենք պատրաստ չէինք: Հաւաքական պատասխանատուութիւն ունինք:
Որեւէ երկրի քաղաքական, ռազմական եւ անվտանգութեան կառոյցներուն պարտականութիւնն է հետեւիլ դրացի եւ մանաւանդ թշնամի պետութիւններու քայլերուն: ԵԱՀԿ-ի հովանաւորութեան տակ ընթացող երեսնամեայ բանակցութիւնները կեցած էին փակուղիի առջեւ: Ռուսիա կը պնդէր Լաւրովի ծրագիրը: Հայաստանէն յաճախ հակասական կեցուածքներ կը հնչէին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ: Միջազգային ընտանիքը եւ միջազգային կառոյցներ զօրավիգ կը մնային Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան: Պէտք է ընդունիլ, որ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը միջազգային ընտանիքին բաւարար չէր ծանօթացուցած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հիմնախնդիրը: Դիւանագիտական եւ քարոզչական լուրջ թերացումներ գոյութիւն ունին, մինչդեռ Ազրպէյճան եւ Թուրքիա ռազմական, քարոզչական հսկայական աշխատանք կը ծաւալէին մեր աչքերուն առջեւ:
Ցաւալի է նաեւ, որ Հայաստանի մէջ իրերայաջորդ իշխանութիւններ, իրենց հակաժողովրդական արարքներուն հետեւանքով, յանդգնութիւն չունեցան ժողովուրդին բացայայտելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցութիւններուն հարազատ պատկերը:
Պատերազմը կարելի՞ էր շրջանցել, անկասկած, սակայն մեր ղեկավարութիւնը չունեցաւ այդ հեռատեսութիւնը: Բացի այդ, իշխանութիւն-ժողովուրդ խզումը այնքան խորացած էր, որ Հայաստանի յաջորդական իշխանութիւններէն ոչ ոք յանդգնութիւն ունեցաւ ժողովուրդին բացայայտելու ճշմարտութիւնը: Պատահեցաւ, ամենացաւալին: Հազարաւոր անմեղ նահատակներ, տարածքային կորուստ եւ … Մինչդեռ դիւանագիտական սեղանին վրայ առնուազն մարդկային կորուստները կարելի էր խնայել, մեր հակակշիռին տակ պահել կարգ մը շրջաններ:
Զարգացած ժողովրդավարական երկիրներու մէջ, նման խայտառակ պայմաններու տակ պատերազմը կորսնցնող որեւէ կառավարութիւն, անյապաղ իր հրաժարականը պիտի ներկայացնէր: 44-օրեայ պատերազմը մարդկային, ընկերային, քաղաքական, տնտեսական, բարոյական ծանր կացութեան մատնեց Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը: Դժբախտաբար, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայկական կառոյցներուն մէջ գոյութիւն չունի բարոյական նման հասկացողութիւն, չափանիշ: Հասկցողին շատ բան: Չունիմ ըսելիք:
Ազատ, թափանցիկ ընտրութիւններ տեղի ունեցան 20 Յունիսին, ոչ մէկ կասկած: Ոչ մէկ առարկութիւն ունիմ ընտրական արդիւնքներուն վերաբերեալ: Սակայն ի՞նչ փոփոխութիւն պիտի բերեն 20 Յունիսի ընտրութիւնները Հայաստանին, երբ ժողովուրդին կարեւոր մէկ հատուածը մինչեւ օրս չի գիտակցիր մեր կորուստներուն բարոյական արժէքը: Պատերազմը բացայայտեց մեր խեղճութիւնը: Արցախը մեզի համար միայն հող չէր, ազգային գաղափար էր, գոյապահպանման գաղափար, մեր հոգիին մէջ էր, մեր ամբողջ մտածելակերպին մէջ էր եւ է՛ տակաւին:
Յոյս ունիմ, որ 20 Յունիսի ընտրութիւններէն ետք, անհրաժեշտ է հայրենաշինութեան յստակ ծրագիրով ազգային փրկութեան եւ միասնութեան կառավարութիւն մը կազմել Հայաստանի մէջ, երկիրը ներկայացնող հիմնական ուժերու մասնակցութեամբ: Միայն նման կառավարութիւն մը կրնայ երկիրը դուրս բերել այժմու ճգնաժամէն: Ներքին լարուածութեան մագլցումը պիտի քայքայէ մեր պետականութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր անկախութիւնը վերստին ձեռք բերելէ ետք, Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու պատրաստակամութիւն յայտնեց: Անգարա մինչեւ օրս կը մերժէ, որովհետեւ կը պահանջէ, որ Հայաստան հրաժարի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը հետապնդելէ, ինչպէս նաեւ ճանչնայ Մոսկուայի եւ Կարսի համաձայնագիրները, այլ խօսքով՝ հրաժարի Արեւմտահայաստանէն, Նախիջեւանէն, Ղարաբաղէն եւ ճանչնայ Թուրքիոյ այժմու սահմանները: Թուրքիա մինչեւ օրս տնտեսական շրջափակումի ենթարկած է Հայաստանը: Կը զարմանամ, Հայաստանի իշխանութիւնները միջազգային ընտանիքէն ինչո՞ւ չեն պահանջեր շրջափակումին ջնջումը:
Որքան ալ իրապաշտ մօտեցում ցուցաբերենք, այսօր Ռուսիա կը մնայ ձեռնպահ, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան իրենց պայմանները պիտի փորձեն թելադրել Հայաստանին: Մէկ բան յստակ է, Կովկասի տարածաշրջանը դարձած է մէկ կողմէ՝ ռուս-թրքական, միւս կողմէ՝ արեւմտեան պետութիւններու միջեւ հակամարտութեան կիզակէտ: Այս կացութեան մէջ, Մոսկուա 3+3 ձեւաչափով (Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան, Հայաստան, Վրաստան, Ազրպէյճան) տնտեսական համագործակցութեան ծրագիր մը կ՚առաջարկէ, որուն հանդէպ Հայաստան եւ Վրաստան կ՚արտայայտեն իրենց վերապահութիւնը:
Ազրպէյճան ամէն բան կրնայ զիջիլ Հայաստանին, բացի հողէն։
Աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակին մէջ Հայաստանի ձայնը գրեթէ անլսելի կը դառնայ մեծ պետութիւններու խաղերուն մէջ:
Հակառակ միջազգային ընտանիքին բանեցուցած ճիգերուն, իրականութեան մէջ Արցախի հակամարտութիւնը անցնող երեսուն եւ աւելի տարիներուն ընթացքին չստացաւ լուծումի որեւէ տարազ: Միջազգային ընտանիքը եւ կառոյցներ կը մերժեն Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան դէմ որեւէ լուծում: Անոնց համար Արցախը Ազրպէյճանին պատկանող տարածութիւն մըն է: Հայաստանի իշխանութիւնները շատ յաճախ կը խանդավառուին Եւրոպայէն, Մ. Նահանգներէն եւ այլ ափերէ հնչող կարգ մը երկիմաստ յայտարարութիւններէն: Կը մոռնանք, որ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք, աշխարհի բոլոր պետութիւնները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան:
Պէտք է իրապաշտ ըլլալ:
Իսկ ներկայիս, այսօրուան դրութեամբ ծիծաղելի է խօսիլ Արցախի անկախութեան կամ ինքնավարութեան մասին: Ես այսպիսի առաջարկ մը ունիմ այս ուղղութեամբ: Մեկնելով ներկայի «Սթաթիւս քո»-էն, Արցախը չէզոք գօտի յայտարարել ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան տակ եւ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժեր տեղադրել պատմական Արցախի սահմանագիծերուն երկարութեամբ:
Միւս կողմէ, գնահատելով հանդերձ անցնող տարիներու երախտաշատ եւ գնահատելի աշխատանքը, 44-օրեայ պատերազմը միաժամանակ կը պարտաւորեցնէ վերատեսութեան ենթարկել Հայաստան-Սփիւռք աւանդական փոխյարաբերութիւնները: Այս հարցը բաւականին երկար, բայց հրատապ քննարկելի նիւթ է:
Խորհրդարանական ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւնները տուեալ երկրի ժողովրդավարական չափանիշերը հաստատող եւ ամրապնդող գործօններ են:
Հայաստանի մեր հայրենակիցները դասեր անհրաժեշտ է որ քաղեն անցնող տարիներու դաժան փորձութիւններէն եւ հայրենաշինութեան լծուին: Մենք ունինք հրաշալի երիտասարդութիւն, տաղանդաւոր ակադեմիկոսներ, գիտնականներ, մտաւորականութիւն: Իւրաքանչիւր թաղամասի մէջ կուսակցութիւն հիմնելու փոխարէն, պէտք է օգտուիլ անոնց ներուժէն:
Գալով հայկական շահերը պաշտպանելու Ձեր հարցումին, հարցումով մը պիտի պատասխանեմ. իսկ ո՞վ գիտէ, թէ ի՞նչ են մեր պետութեան շահերը։ Երբ իւրաքանչիւրը իւրովի կը մեկնաբանէ զանոնք, երբ չունինք ազգային գաղափարախօսութիւն, երբ տակաւին Ճանապարհը փշոտ է եւ դժուար: Մենք մեր հայրենիքին մասին կը խօսինք:
Մտովին համոզուած պիտի ըլլանք կառուցելու հզօր պետականութիւն, մարտունակ եւ ժամանակակից արհեստագիտութեամբ օժտուած բանակ: Այլընտրանք չունինք:
Այո՛, դժուար պահեր կ՚ապրի հայրենիքը, բայց կը մնամ լաւատես: