Մեր կեանքը հոս է, հետեւաբար՝ մենք հայ-թուրք յարաբերութիւններուն մեր անկիւնէն նայելու ստիպուած ենք եւ այդ հունի վրայ կը կազմակերպենք այս յարաբերութիւնները։
Այո, հայոց պատրիարքէն հերոսութիւն սպասողներ կան, բայց մենք մեր հերոսութիւնը կը տեսնենք այս երկրի վրայ հայ մնացորդաց մեր ժողովուրդն ապրեցնել, մեր կառոյցներով գոյատեւել։ Մենք թուրքերու եւ Թուրքիայի հետ կռիւ չունինք։ Այդ տեսակէտէն մենք իւրայատուկ ենք։ Եթէ հաշտութիւն պիտի ըլլայ, եթէ միասնական ապրել կարելի է, վերստին բարեկամ դառնալ կարելի է, մենք պատրաստ ենք անոր։
Իրենց ճանչցած հայերը միայն մենք ենք, հետեւաբար մեզի կուգան այդ միջնորդութիւնը ապահովելու համար։ Ուրեմն, մենք ալ պատրաստ ենք այդ ուղղութեամբ միջնորդութիւն ի ցոյց բերել, պատրաստ ենք այդ ուղղութեամբ օգնելու, ծառայելու այս հաշտութեան, համերաշխութեան եւ խաղաղութեան քայլերուն։
Նիւթի մը մասին բարեկամաբար սեղան նստիլով խօսիլ՝ տարբեր է, այդ նոյն նիւթի համար բեւեռներու բաժնուիլ եւ հայհոյալից լեզուով իրարու հետ խօսիլ՝ տարբեր։ Փորձուած է այս երկրորդը, 100 տարի է կը հայհոյենք իրարու, բայց լուծում չկայ։
Մենք ունինք միասնաբար կերտելիք ներկայ եւ ապագայ։ Աշխարհագրութիւնը ճակատագիր է։ Հայ անհատը կրնայ ընտրել իր բարեկամը, իր դրացին, բայց Հայաստանը չի կրնար ընտրել իր դրացի երկիրները եւ շրջապատուած է, այդպէս ինչպէս ըսենք, իսլամական ծովով մը եւ ստիպուած է հաշուեյարդարի նստիլ այս իրականութեամբ։
Այո, պատմութիւնը իր դերը ունի, մեր ինքնագիտակցութեան մէջ շատ կարեւոր դեր ունի պատմութիւնը, բայց պէտք է ներկան մտածել, ապագան մտածել, հայրենիքի անվտանգութիւնը պէտք է մտածել եւ մտածել, որ բարեկամութիւնը ամէնէն մեծ ապահովութիւնն է։
Հայաստանը Ռուսիոյ պես լաւ բարեկամ մը ունի, լաւ է անիկա, բայց ինչո՞ւ բարեկամները չշատցնէ։ Ինչո՞ւ Թուրքիա, Ազրպէյճանը, Պարսկաստանը, Վրաստանը բարեկամ չդարձնեն եւ ինչո՞ւ Կովկասը Եվրոմիութեան նման տնտեսական մէկ միութեան չվերածուի։ Հիմա անկարելիի պէս կ՚երեւի, բայց ասոր համար պէտք է պետական միտք մշակել։
Մենք պէտք չէ այդքան միամիտ ըլլանք, սեղանի վրայ միայն Հայաստան եւ Թուրքիա չկայ, աներեւոյթ կերպով Ռուսաստանը եւ Ազրպէյճանն ալ սեղանի վրայ են։ Հետեւաբար, այս յարաբերութիւնները, ինչպէս ըսենք, ուրիշ ազդակներէն կախեալ են։ Ամբողջ շրջանի վերաբերող մէկ փաթեթով խաղաղութիւն կարելի է մտածել, մեր աղօթքը այն է, որ այդ թող ըլլայ։
Հայաստանը այս մեկուսացումի քաղաքականութիւնը ապրեցաւ, ստիպուած էր, երեսուն տարի ապրեցաւ, հիմա, երեսուն տարի ալ ապրի՝ ի՞նչ պիտի շահի։ Տնտեսութի՞ւնը պիտի զարգանայ, իր բանա՞կը պիտի հզօրանայ, իր բնակչութի՞ւնը պիտի աճի։ Այսինքն՝ երեսուն տարի եւս Հայաստանը այս վիճակի մէջ պահենք աւելի լա՞ւ պիտի ըլլայ։
Ես կը կարծեմ, որ այսքան ատեն փորձուած է ասիկա [թշնամութիւնը], կրկին եթէ փորձենք, նորութիւն պիտի չունենանք։ Հա, միւսը փորձելով ռիսքեր չկա՞ն, այո, ռիսքեր կան, բայց կ՚արժէ խաղաղութիւնը փորձել։
Ի վերջոյ, յարաբերութիւնները երկկողմանի են, ինչպէս կռիւները երկկողմանի են, խաղաղութիւնն ալ երկկողմանի է։ Առանց բան մը տալու, չէք կրնար բան մը առնել, այդ սակարկութիւնները պիտի տարուին, եւ Հայաստանի առջեւ նոր դարաշրջան եւ նոր կարելիութիւններ պիտի բացուին։ Կամ՝ պիտի չբացուին, չենք գիտեր, մենք աղօթող ենք։