Թուրքիայում կայանալիք նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրությունների նախօրեին «Ալիք Մեդիայի» խնդրանքով Ստամբուլի «Ժամանակ» օրաթերթի գլխավոր խմբագիր Արա Գոչունյանը մեկնաբանում է ներքաղաքական իրավիճակը։
Ընտրութիւններուն ընդառաջ քաղաքական մթնոլորտը Թուրքիայում բաւական տաք է։ Թէեւ տարեմուտի իրերայաջորդ սարսափելի բնական աղէտներուն բերումով կը նախատեսուէր յարաբերաբար աւելի հանդարտ մթնոլորտ, սակայն իրադարձութիւնները անխուսափելիօրէն գետի նման կը վարարին։ Ոճի, լեզուակռիւի իմաստով աղէտալի իրավիճակին հետ անհամատեղելի երեւոյթներ թէեւ այդքան ալ չկան, սակայն բաւական սուր բանավէճի մը մթնոլորտը նկատելի է։
Այս տարի Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 100-ամեակը եւ ընտրութիւնները կը համընկնին այս յոբելենական շրջանին։ Հանրապետութեան պատմութեան, առանց չափազանցութեան, ամենակարեւոր ընտրութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ։ Պատճառը այն է, որ այժմու ղեկավարութիւնը աւելի քան քսան տարիէ ի վեր իշխանութեան գլուխը կը գտնուի։ Սա կը համապատասխանէ Հանրապետութեան գոյատեւած ժամանակահատուածի քառորդին։ Միեւնոյն ժամանակ, այժմու իշխանութիւնը Հանրապետական շրջանի ամենէն շատ հարցաքննուած, քննադատուածը կը համարուի։
1980 թուականի զինուորական յեղաշրջումէն վերջ թէ՛ երկրի ներքին տինամիքները եւ թէ’ միջազգային իրադարձութիւնները խթանեցին, որ Թուրքիոյ մէջ վերելք արձանագրէ քաղաքական իսլամը։ Այդ ալիքին շնորհիւ ստեղծուեցաւ ենթագետինը այսօրուան իշխանութեան։ Յամենայնդէպս, երկրին ղեկը ստանձնելէ վերջ այս իշխանութիւնը՝ մանաւանդ տնտեսական առումով բաւական ազատական քաղաքականութեան մը հետեւեցաւ, սակայն տուեալ ժամանակաշրջանի առանձնայատկութիւնները աննախընթաց բեւեռացումներ բերին իրենց հետ։
Այդ բեւեռացումները իւրաքանչիւր ընտրութեան ժամանակ շատ աւելի սաստկացան՝ հաշուեյարդարի մը մթնոլորտը ստեղծեցին երկրին մէջ։ Այսօր եւս, ընտրութիւններուն ընդառաջ, հաշուեյարդարի մը մթնոլորտը նկատելի է Թուրքիոյ մէջ։ Բայց եւ այնպէս, որոշ երանգներու պարագային կան փոփոխութիւններ։
Ցայսօր, ըստ էութեան, հաշուեյարդարը կ՚ընթանար հին եւ նոր Թուրքիոյ միջեւ եւ այսօրուան իշխանութիւնը յաչս ժողովուրդին միշտ կը յաջողէր ընկալուիլ նորին ջահակիրը։
Հակադրութիւնները, տարակարծութիւնները, հիմնականին մէջ, աւելի տեսական կամ վերացական խնդիրներու մասին էին. օրինակ՝ աշխարհահայեացքներու կամ գաղափարախօսութիւններու բաղդատութիւն, արտաքին քաղաքականութեան նախընտրութիւններ եւ այլն։ Իսկ այսօր երեւոյթը որոշ չափով տարբեր է։ Բաղդատութիւնները, որոնք ընտրողներուն նախասիրութիւնները պիտի հունաւորեն, շատ աւելի իրատես հարցերու պարագային կը կայանան առօրեայի տեսակէտէ։
Տնտեսական դժուարութիւնները յոգնեցուցած են լայն զանգուածները եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ իշխանութեան տեսակէտէ անցեալին բաղդատմամբ շատ աւելի դժուար է՝ համոզիչ ձեւով հանդէս գալը՝ որպէս նոր Թուրքիոյ ջահակիրը։
Չմոռնանք նաեւ, որ աւելի քան երկու տասնամեակ իշխանութեան գլուխ գտնուած քաղաքական ուժ մը բնականաբար դժուարութիւններ կ՚ունենայ նոր ընկալուելու առումով։
Յամենայնդէպս, նախընտրական մթնոլորտը անկանխատեսելի չէ։ Երեւոյթները պարզ են, որովհետեւ լայն զանգուածներու ակնկալութիւնը յստակ է։ Մարդիկ կը պահանջեն աւելի տանելի առօրեայ մը ունենալ եւ պահել իրենց կենսամակարդակը։ Քաղաքական, հասարակական առումով իրերու դրուածքին մէջ կան որոշ դժուարութիւններ, մարդիկ իրենց ընդվզումները կը բարձրաձայնեն, սակայն մինչեւ ընտրութիւններու թուականը, ըստ երեւոյթին, ամէն ինչ կը մնայ կառավարելի հունի մէջ։
Ընդհանուր առմամբ, այսօրուան աշխարհին մէջ բոլոր երկիրները կը դիմագրաւեն նոյնանման հարցեր՝ ներառեալ ամենազարգացած եւ հասուն ժողովրդավարութիւնները։ Երկրագունդի վրայ անորոշութիւններու ժամանակաշրջան է։
Միաբեւեռ ըլլալէ դադրած աշխարհին մէջ նոր բեւեռներու ձեւաւորման գործընթացը կը շարունակուի։ Սա աշխարհի բոլոր երկիրներու միջազգային համագործակցութեան վերակառուցումը կ՚ենթադրէ անխուսափելիօրէն։
Անցումային շրջանները անխուսափելի կը դարձնեն դժուարութիւններ։ Անշուշտ, անցումային շրջանները հարթ չեն՝ քանի մրցակցութիւններու, հակադրութիւններու, մեծ պայքարներու, շահերու բախումներու եւ պատերազմներու միջավայրին մէջ կ՚ընթանան։ Կլիմայի փոփոխութիւնը հետզհետէ աւելի անմիջականօրէն կ՚ազդէ առօրեային վրայ։ Ընկերային անարդարութիւնները վրայ կը հասնին, աշխարհի բազմաթիւ պետութիւններու անկայունութիւնը կը հրահրէ ապօրինի գաղթի ալիքներ։
Քաոսի ազդանշանները անանտեսելի են։ Բազմաբեւեռ աշխարհի մէջ ժողովրդավարութիւնը այլեւս բարեկեցութեան եւ զարգացումի երաշխիք մը ըլլալէ դադրած է։ Այսօր աշխարհի ամենահարուստ եւ ամենահզօր երկիրները այլեւս ամենաժողովրդավարականները չեն։
Այս բոլորը աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ հասկնալիօրէն կ՚ազդէ ընտրողներու տրամադրութիւններուն եւ դատողութեան վրայ։ Համաշխարհային իրադրութենէն բոլոր երկիրներուն բաժին կը վիճակի անխուսափելիօրէն։ Բայց աշխարհի բոլոր երկիրներու բնակիչները, առաջին հերթին տուեալ երկրին վիճակած դժուարութիւններու պատասխանատուն կը համարեն տուեալ երկրի իշխանութիւնները։
Անշուշտ, որ իշխանութիւնները չեն կրնար հարիւր տոկոսով անմեղ ըլլալ կամ պատասխանատուութենէ զերծ համարուիլ, բայց եւ այնպէս, բազմաթիւ հարցերու հիմքին կը գտնուին գործօններ, որոնք կ՚անդրանցեն սահմանները։ Սա պատճառ կը դառնայ, որ աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ պատահին քաղաքական ցնցումներ կամ իշխանութեան ղեկին հասնին ծայրայեղ քաղաքական ուժեր։
Անշուշտ, այս երեւոյթները կարելի չէ սովորական իշխանափոխութիւններու շարքին դասել։ Այստեղ պէտք է փնտռել շատ աւելի խորքային պատճառներ։ Այդ բոլոր ծայրայեղական իշխանութիւնները, ընդհանրապէս, իրենց երկիրները ինքնապարփակումի առաջնորդել կը ձգտին եւ իրենք, ըստ էութեան, միջազգային համարկումի հաւատացողներ ըլլալէ բաւական հեռու են։ Այս վիճակին մէջ, համաշխարհային անշրջելի պատճառներով հանդերձ միջազգային համագործակցութեան տկարացումը առկայ հարցերը բոլոր ուղղութիւններով կրնայ ա՛լ աւելի խորացնել։
Վերադառնալով Թուրքիոյ պարագային, պէտք է հաշուի առնել, որ թէ՛ աշխարհագրական դիրքին եւ թէ այլ բազում ազդակներու բերումով Թուրքիա միջազգային համակարգին լրիւ համարկուած երկիր մըն է։ Խօսքը կը վերաբերի բաւական պահպանողական հասարակութեան մը։
Կրօնի եւ ազգութեան գործօնը Թուրքիոյ մէջ միշտ ընդհանուր օրակարգին ուղղութիւն տուած է, հասարակութեան զգայնութիւններու դրսեւորման հիմնական առանցքը հանդիսացած է։
Այսքանով հանդերձ, ի տարբերութիւն աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու, Թուրքիոյ մէջ ընտրութիւններու արդիւնքը անսպասելիօրէն ծայրայեղութիւններու առջեւ ճանապարհ հարթելու հեռանկարը չունի։
Ընդհանուր առմամբ, երկու չափաւոր ուժեր կամ ճամբարներ կը յաւակնին իշխանութեան՝ թէեւ զանազան բարդ իրավիճակներու մէջ անոնք երբեմն հեռացած են եւ ապագային ալ կրնան հեռանալ չափաւորութենէ։ Բայց եւ այնպէս, ժողովրդավարական համակարգին նկատմամբ անվստահութիւն խնդրոյ առարկայ չէ երկրին մէջ եւ քաղաքական մրցակցութիւնը որքան որ ալ խստացած ըլլայ, լուծումները կը պատկերացուին ժողովրդավարութեան սահմաններէն ներս։
Թուրքիոյ մէջ բազմակուսակցական համակարգի հաստատումէն վերջ, մինչեւ 1980-ական թուականները՝ քաղաքական դաշտի հիմնական բաժանումները աջակողմեաններու եւ ձախակողմեաններու միջեւ էին։
Աւելի վերջ, մինչեւ 2000 թուականը արդէն ձեւաւորուեցան այսպէս կոչուած աշխարհավարներու եւ դարձեալ այսպէս կոչուած իսլամականներու բեւեռները՝ քեմալականութեան հիմնական հարցաքննութեան պայմաններուն ներքեւ։ Խաղին այդ արարը եզրափակուեցաւ այժմու իշխանութեան գործի գլուխ գալով։
Ուրեմն, շուրջ երկու տասնամեակ անց Թուրքիա այսօր հասած է նոր ճամբաբաժանի մը, որու վրայ բեւեռները կը խորհրդանշուին շատ աւելի անհատական գործօններով կամ կերպարներով՝ քան անցեալի նման գաղափարախօսութիւններով, պատմական հեղինակութիւններով կամ նուիրական կերպարներով։
Հուսկ, հարկ է նշել, որ սուր բանավէճի մթնոլորտը այսօր կարելի է համարել համակարգի կենսունակութեան ցուցանիշ։ Թուրքիոյ քաղաքական թատերաբեմին վրայ ամլութիւն չի նկատուիր, ինչ որ երկրի առկայ խնդիրներու լուծման տեսակէտէ կարեւոր նախադրեալ մըն է եւ երաշխիք մը կը համարուի առկայ բարդ իրավիճակի ծանր հետեւանքներէն երկիրը հնարաւորինս խնայելու առումով։
***
«Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր սկզբունքն է ընտրութիւնները լուսաբանել՝ առաջին հերթին շեշտադրելով, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայազգի քաղաքացիները ընդհանուրին հետ նոյն նաւուն մէջ կը գտնուին եւ իրենց ձայները կու տան՝ ո՛չ թէ մասնակի, այլ ընդհանրական շահերու հետամուտ։ Փոքրամասնական-համայնքային լրատուամիջոց մը ըլլալու առանձնայատկութիւնը այս պարագային կը պարտադրէ գործել շատ նրբանկատ ու վեր մնալ ամէն տեսակ կողմնակցութենէ, որպէսզի յաջորդ քայլափոխին համայնքը ունենայ հնարաւորինս ընդարձակ դաշտ մը գործելու համար։