Թուրքիայում կայանալիք նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրությունների նախօրեին «Ալիք Մեդիայի» խնդրանքով Ստամբուլի «Ժամանակ» օրաթերթի գլխավոր խմբագիր Արա Գոչունյանը մեկնաբանում է ներքաղաքական իրավիճակը։
Նախագահ Էրտողանի հիմնական մրցակիցը այս պահու դրութեամբ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան՝ CHP-ի (Ժողովրդահանրապետական կուսակցություն) կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն է։ Մրցակցութիւնը, բնականաբար, գաղափարական հիմքեր ունի։ Այլապէս, քաղաքականութեան մէջ հարիւր տոկոս գաղափարական հիմքէ զուրկ պայքար մը պատկերացնել բաւական դժուար է՝ որքան որ ալ ամէն ինչ մնայ ամբոխավարութեան ստուերին տակ։ Դուրսէն դիտարկելով ստեղծուած տպաւորութիւնն ալ անհերքելի է։ Այսինքն, կը խաղարկուի այն շատ ծանօթ բեմագրութիւնը՝ ո՛վ ուզէ ըլլայ, միայն թէ չըլլայ այժմու ղեկավարը։
Նախագահ Էրտողանի նման քաղաքական կերպարները միշտ կը յաջողին իրենց շուրջ համախմբել մեծ զանգուածներ, միւս կողմէ ալ, մետայլի միւս երեսակին, ինքնաբերաբար կ՚ունենան նոյնքան մեծ թիւով ընդդիմադիրներ։ Համակրանքը որքան որ ալ մեծ ըլլայ, հակակրանքն ալ կարծես կ՚ընթանայ համաչափ։ Այսինքն, համակրողներու մեծ զանգուածը նախագահ Էրտողանին միշտ ապահոված է իշխանութիւն, սակայն, հակակրողներն ալ դարձուցած է ա՛լ աւելի արմատական։ Ուրեմն, մայիսի 14-ի ընտրութիւնները այս թատերախաղի հերթական արարը պիտի ըլլան։
Ընտրողներու քանի մը տասնեակ միլիոնի հասած զանգուածին մէջ, հասկնալիօրէն, կան շերտեր։ Ընտրազանգուածի կարեւոր մէկ տոկոսը գիտակցական կեանքը ապրած է՝ նախագահ Էրտողանի ղեկավարութեան տարիներուն։ Նախորդ ժամանակաշրջանները յիշելու յարմարութեամբ տարիքով ընտրողները, անշուշտ, կ՚առաջնորդուին տարբեր չափանիշներով։
Արդարեւ, այժմու ղեկավարութենէն առաջ Թուրքիա երկար շրջաններ համախոհական կառավարութիւններով ղեկավարուած էր։ Այդ շրջաններու քաղաքական համայնապատկերին վրայ դժուար էր ակնկալել վճռակամ լուծումներու հետամուտ միահեծան ընթացք։ Այսօր, ուրեմն, կան մարդիկ, ըստ որոնց տրամաբանութեան, ներքին ներդաշնակութեամբ իշխանութիւն մը անհրաժեշտ նախադրեալ է երկրին կայունութեան եւ տնտեսութեան առողջ ընթացքին համար։
Միւս կողմէ, կայ նաեւ ուրիշ զանգուած մը, որ պատասխան կամ պատասխանատու կը փնտռէ առկայ դժուարութիւններուն համար։ Անոնք, որոնք իրենց գիտակցական կեանքը ապրած են նախագահ Էրտողանի իշխանութեան տարիներուն, այսօր, հասկնալիօրէն, իրենց կեանքին ընթացքը հարցաքննելու կամ ապագան ծրագրաւորելու ճանապարհին քննադատութեան նետերը կ՚ուղղեն դէպի երկրին ղեկավարը։
Այս եւ նման գործողութիւնները ընտրութիւններուն ընդառաջ կը ձեւաւորեն ուժային յարաբերակցութիւնը։ Անշուշտ, նախընտրական մթնոլորտը միշտ այնպիսի բնոյթ մը կ՚ունենայ, որ ուժերու յարաբերակցութիւնը կ՚ըլլայ յարափոփոխ։
Թէ ո՞ր տրամաբանութիւնը պիտի գերիշխէ, դժուար է գիտնալ։ Քուէարկութեան թուականը որքան որ մօտենայ՝ քաղաքական ուժերը այնքան աւելի կը հրահրեն մթնոլորտը։ Անոնք մէկ կողմէ կ՚ուզեն քոնսոլիտէ ընել իրենց շուրջ համախմբուած ընտրողները, իսկ միւս կողմէ կը ջանան ընդլայնել իրենց ընտրազանգուածը։ Այս որոնումներուն մէջ անխուսափելիօրէն կը թիրախաւորուին կերպարները՝ մանաւանդ առաջնորդներու անձերը։
Եթէ շուրջ քսան տարի վերջ ընդդիմութիւնը կ՚ուզէ իշխանափոխութիւն ապահովել Թուրքիոյ մէջ եւ այս նպատակին հասնելու համար կը ձգտի արժանանալ ժողովուրդի հաւանութեան, ապա, հասկնալի է, որ պիտի թիրախաւորէ նախագահ Էրտողանը, որ այս երկու տասնամեակի հիմնական դերակատարն է։ Հակառակ տեսանկիւնէն, իշխանական ճամբարն ալ կը գործէ նոյն տրամաբանութեամբ։
Այսինքն, նախագահ Էրտողան այն վառ անհատականութիւնն է, որու մարմնաւորած կերպարը այս ընտրութիւններու յարացոյցն է։ Ան իսկապէս շատ տիրական քաղաքական գործիչ մըն է եւ այդ հանգամանքին մէջ թաքնուած են իր թէ՛ առաւելութիւնները եւ թէ խոցելի կէտերը։
Վերջին շուրջ 20 տարիներու վերյիշումը ցոյց կու տայ, թէ մայիսի 14-ին Էրտողանի իշխանութեան գլուխ մնալն ալ զարմանալի չ՚ըլլար, չվերընտրուիլն ալ անակնկալ չի համարուիր։ Ընտրութիւնը արդէն Էրտողանի եւ ուրիշի մը միջեւ է։ Եթէ այդպէս չըլլար, նախընտրական գործընթացի վաղ փուլերուն ընդդիմադիր ճամբարէն ներս ապրուածները շատ աւելի տարբեր կ՚ըլլային։ Էրտողանին դէմ ժողովուրդին ներկայացուելիք անունը որոշելու համար այդքան երկար բանակցութիւններ եւ սակարկութիւններ տեղի չէին ունենար։
Վէճէ դուրս է, որ մրցակցութիւնը ծանր է։ Նախագահ Էրտողան քանիցս ապացուցած է, որ լիուլի ի վիճակի է այդ ծանրութիւնը տանելու։ Ընդդիմութիւնն ալ ի յայտ կը բերէ իր ամբողջ կշիռը՝ խաղի կանոնները փոխելու եւ իր նպատակին հասնելու համար։ Ժողովուրդին սպասումն է, որ այդ ամբողջ ծանրութիւնը կշիռքի վրայ դրուի՝ երկրի ճակատագրին ի նպաստ։
Այս բոլորի գործնական դրսեւորման հաւանականութիւնները հաշուարկելու համար պէտք է վերյիշել անցեալի փորձառութիւնը։ Թուրքիոյ մէջ իշխանափոխութիւնները միշտ տեղի ունեցած են ընկերատնտեսական ծանր պայմաններու ներքեւ։ Երբ տնտեսական վիճակը վատթարացած է, իշխանութիւնները դժուարացած են իրենց ժողովրդական յենարանները պահպանելու։ Այս բոլորը ի զօրու են Հանրապետական շրջանի բոլոր վառ ղեկավարներու պարագային։ Այժմ ընդդիմութիւնը կը յուսադրուի՝ հաշուի առնելով այս փորձառութիւնը, որովհետեւ երկրին տնտեսութիւնը փայլուն պատկեր մը չի պարզեր։ Իսկ իշխանութիւնը կը վստահի ընտրողներու դատողութեան եւ կը հաւատայ, թէ մարդիկ վերջին հաշուով պիտի տրամաբանեն, որ առկայ խնդիրները լուծելու ամենաբարձր կարողութեան տէր դէմքը դարձեալ նախագահ Էրտողանն է։
***
«Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր սկզբունքն է ընտրութիւնները լուսաբանել՝ առաջին հերթին շեշտադրելով, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայազգի քաղաքացիները ընդհանուրին հետ նոյն նաւուն մէջ կը գտնուին եւ իրենց ձայները կու տան՝ ո՛չ թէ մասնակի, այլ ընդհանրական շահերու հետամուտ։ Փոքրամասնական-համայնքային լրատուամիջոց մը ըլլալու առանձնայատկութիւնը այս պարագային կը պարտադրէ գործել շատ նրբանկատ ու վեր մնալ ամէն տեսակ կողմնակցութենէ, որպէսզի յաջորդ քայլափոխին համայնքը ունենայ հնարաւորինս ընդարձակ դաշտ մը գործելու համար։