Թուրքիայում կայանալիք նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրությունների նախօրեին «Ալիք Մեդիայի» խնդրանքով Ստամբուլի «Ժամանակ» օրաթերթի գլխավոր խմբագիր Արա Գոչունյանը մեկնաբանում է ներքաղաքական իրավիճակը։
Այս անգամուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն ալ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայազգի քաղաքացիներէն ոմանք երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած են։
Նախագահ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ զարգացում (AK) կուսակցութիւնը Իսթանպուլի Բ ընտրաշրջանէն 9-րդ հորիզոնականի վրայ թեկնածու ցոյց տուած է տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուն։
CHP-ն (Հանրապետական ժողովրդական կուսակցություն) ալ Իսթանպուլի Գ ընտրաշրջանէն 23-րդ հորիզոնի վրայ թեկնածու առաջադրած է Մարգրիտ Տիքմէն։ Կայ նաեւ Մասիս Քիւրքճիւկիլը, որ Թուրքիոյ յայտնի ձախակողմեան գործիչներէն մին է։
Այս անգամ թեկնածու չէ առաջադրուած Կարօ Փայլանը, որ այժմու խորհրդարանի միակ հայազգի պատգամաւորն էր եւ վերջին երկու շրջաններուն միշտ գտնուած էր Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ։
Նախ անցեալ շրջանին Թուրքիոյ խորհրդարանի երդիքին տակ ներկայացուած չորս կուսակցութիւններէն երեքի շարքերուն գոյութիւն ունէին հայազգի երեսփոխաններ։ Անոնք էին՝ լուսահոգի Մարգար Էսաեանը (AK-Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւն), Սելինա Տողանը (CHP) եւ Կարօ Փայլանը (HDP)։
Երկար տասնամեակներ խորհրդարանին մէջ հայազգի որեւէ երեսփոխան չէր գտնուած, ուստի, այդ պահը շատ կարեւոր էր։ Անշուշտ, երկար կարելի է խօսիլ, թէ համայնքը կարողացա՞ւ այդ հնարաւորութենէն օգտուիլ կամ ոչ։ Սա արդէն ուրիշ վէճի մը նիւթն է։
Յաջորդող շրջանին խորհրդարանէն դուրս մնաց Սելինա Տողանը։ Մնացին միայն լուսահոգի Մարգար Էսաեանն ու Կարօ Փայլանը՝ նոյն կուսակցութիւններու շարքերէն։ Գլխաւոր ընդդիմադիր CHP-ի կողմէ Սելինա Տողանին չառաջադրուիլը ընկալուած էր տարակուսանքով։ Ընթացքին, դժբախտաբար, Մարգար Էսաեան զոհ գնաց անողոք հիւանդութեան։ Վերջին տարիներուն Կարօ Փայլան միակն էր խորհրդարանին մէջ։
Մարգար Էսաեանի մահէն վերջ, AK կուսակցութիւնը տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուն ընդգրկեց իր շարքերուն մէջ։ Ան դարձաւ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմնի անդամ։ Այսինքն, բոլոր ազդանշանները կային, որ ան պիտի յաջորդէր Մարգար Էսաեանին։ Ուրեմն, անակնկալ չէ, որ իշխանական ճամբարին կողմէ տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու առաջադրուած է երեսփոխանի թեկնածու։
Ինչպէս Մարգար Էսաեանի պարագային, տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուն ալ թեկնածու առաջադրուած է Իսթանպուլի Բ ընտրաշրջանէն, ուր Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայազգի քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը կը բնակի։ Սվաճըօղլուն ալ Էսաեանի նման գրեթէ նոյն հորիզոնականէն թեկնածու ցոյց տրուած է ցուցակին վրայ։
Մարգրիտ Տիքմէի պարագան քիչ մը աւելի տարբեր է։ Եթէ Սելինա Տողան այդ ժամանակ Իսթանպուլի Գ ընտրաշրջանէն՝ կուսակցապետի քոնթենժանէն թեկնածու ցոյց տրուած էր եւ խորհրդարան մուտք գործելը գրեթէ երաշխաւորուած, ապա Մարգրիտ Տիքմէ այս անգամ այդպիսի խրախուսանքի մը չէ արժանացած եւ թեկնածուական ցանկի 23-րդ հորիզոնականին վրայ կը գտնուի։ Յամենայնդէպս, ան տարիներէ ի վեր CHP-ի շարքերէն ներս գործունէութիւն կը ծաւալէ եւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետարանէն ներս ունեցած է կարեւոր դերակատարութիւն։
Թէեւ Իսթանպուլի մէկէ աւելի կարեւոր քաղաքապետարաններէն ներս իշխանութեան գլուխ կը գտնուին CHP-ականներ, սակայն, ըստ երեւոյթին, կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի ամենավստահելիներէն է Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլենթ Քերիմօղլուն, իսկ Մարգրիտ Տիքմէ անոր հետ գործակցելու հնարաւորութիւնը ունեցած է եւ դժուար չէ ենթադրել, որ վայելած է անոր բարեխօսութիւնը։
Թրքահայութեան տեսակէտէ առաջին հերթին բարոյահոգեբանական գործօն մըն է խորհրդարանին մէջ հայազգի երեսփոխանի մը գտնուիլը։ Այսպէսով համայնքը կը համոզուի, թէ խտրականութեան չ՚ենթարկուիր, հասարակութեան հաւասար տարրերէն մին է, ինչ որ անանտեսելի է փոքրամասնական հաւաքականութեան մը պարագային։
Յամենայնդէպս, ակնկալութիւնները անկարելի է նոյն յստակութեամբ բանաձեւել։ Խորհրդարան մտնելու ամենամեծ հաւանականութիւնը ունի տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուն։ Պէտք չէ մոռնալ, որ անկախ ազգութենէ, դաւանանքէ կամ նման հանգամանքէ, առաջադրուած թեկնածուները կ՚ընտրուին՝ որպէս բովանդակ Թուրքիոյ երեսփոխանները։ Երբեմն նոյնիսկ երկրորդական կը դառնայ, թէ անոնք ո՛ր քաղաքէն կամ ընտրաշրջանէն ընտրուած են։ Բոլորն ալ կ՚երդուեն երկրի շահերուն հետամուտ ըլլալու համար։ Հայազգի երեսփոխանները համայնքին օգուտ կրնան բերել այնքան՝ որքան կարենան արդարացնել այդ երդումը։
Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու հարցերը միշտ նուրբ եղած են եւ լուծումներն ալ միշտ պատկերացուած են պետական գծի մը առանցքով։ Եկող-գացող իշխանութիւնները, թէեւ դերակատարութիւն ունեցած են պետական քաղաքականութեան գործադրութեան մէջ, անոնց քաղաքական կամքէն շատ բան կախում ունեցած է, սակայն, առանցքը միշտ կազմած է պետական գիծը։ Հետեւաբար, խորհրդարանի մէջ հեղինակաւոր հայազգի երեսփոխանի մը գոյութիւնը կրնայ շատ բան պայմանաւորել՝ փոքրամասնութիւններու խնդիրներու բարձրաձայնման եւ լուծումներու հասունացման տեսակէտէ։ Աւելորդ է ըսել, որ քաղաքական կլիման յարմար պէտք է ըլլայ։
Վերջին շրջաններուն նոյնիսկ մէկէ աւելի երեսփոխաններու խորհրդարանէն ներս ներկայութիւնը այդքան մեծ արդիւնք մը չէ ապահոված Թուրքիոյ հայ համայնքին տեսակէտէ։ Բայց եւ այնպէս, սա չի նշանակեր, որ յառաջիկային ալ նոյնը պիտի ըլլայ։
Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու մինչեւ այսօր, նոյնպէս պարզ կուսակցականի մը հանգամանքով բաւական նպաստաւոր աշխատանք տարած է։ Եթէ այժմու իշխանութիւնը մնայ գործի գլուխ, ապա ան՝ այս անգամ պատգամաւորի հանգամանքով կրնայ աւելի օգտակար դերակատարութիւն մը ունենալ։ Եթէ կարողանայ ընտրուիլ, նոյնը չի բացառուիր նաեւ Մարգրիտ Տիքմէի պարագային։
Յամենայնդէպս, այս պահու դրութեամբ շատ հաւանական է, որ լաւագոյն պարագային խորհրդարանին մէջ միայն մէկ հայազգի երեսփոխան աթոռ զբաղեցնէ։ Եթէ իր կուսակցութիւնը իշխանութեան գլուխ գտնուի, ապա, անշուշտ, տեսականօրէն տարբեր հորիզոններու մասին խօսիլ կարելի կրնայ ըլլալ։ Այլապէս, ընթացքը այս առումով շատ ալ տարբեր պիտի չըլլայ վերջին տարիներուն բաղդատմամբ։
Այս առումով պէտք է արձանագրել նաեւ, որ ո՛ր քաղաքական թեւին որ ալ պատկանին, հայազգի հաւանական երեսփոխանները համայնքային խնդիրներով զբաղելու ժամանակ պէտք է կարողանան մասամբ կուսակցական պատկանելիութիւնը մէկ կողմ թողել ու փորձել կեդրոնանալ պետական շահերու եւ համայնքային կարիքներու առարկայականօրէն համընկնած կէտերուն վրայ։
***
«Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր սկզբունքն է ընտրութիւնները լուսաբանել՝ առաջին հերթին շեշտադրելով, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայազգի քաղաքացիները ընդհանուրին հետ նոյն նաւուն մէջ կը գտնուին եւ իրենց ձայները կու տան՝ ո՛չ թէ մասնակի, այլ ընդհանրական շահերու հետամուտ։ Փոքրամասնական-համայնքային լրատուամիջոց մը ըլլալու առանձնայատկութիւնը այս պարագային կը պարտադրէ գործել շատ նրբանկատ ու վեր մնալ ամէն տեսակ կողմնակցութենէ, որպէսզի յաջորդ քայլափոխին համայնքը ունենայ հնարաւորինս ընդարձակ դաշտ մը գործելու համար։