Թուրքիայում կայանալիք նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրությունների նախօրեին «Ալիք Մեդիայի» խնդրանքով Ստամբուլի «Ժամանակ» օրաթերթի գլխավոր խմբագիր Արա Գոչունյանը մեկնաբանում է ներքաղաքական իրավիճակը։
Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւնները ո՛չ թէ ազգային, այլ կրօնական փոքրամասնութիւններ են։ Անշուշտ, որ քաղաքական ուժերը կը ջանան սիրաշահիլ փոքրամասնութիւնները, որովհետեւ երբեմն նոյնիսկ մէկ քուէն արժէք կը ներկայացնէ։ Միւս կողմէ, պէտք է ընդունիլ, որ փոքրամասնութիւններու կշիռը, մարդուժը, ընդհանուր առմամբ, ներուժը բաւարար չեն ընտրութիւններու արդիւնքին վրայ ազգեցութիւն գործելու։
Հանրապետական շրջանի քաղաքական նախընթացներուն մէջ գրեթէ չենք տեսներ պարագաներ, երբ քաղաքական ուժերը ընտրութիւններէն առաջ խոստումներ տան փոքրամասնութիւններուն ինչ-ինչ կնճռոտ հարցերու քննարկման կամ լուծման համար։ Առաջին հերթին սա ունի գործնական պատճառ մը։
Հասարակութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ազգայնական-պահպանողական թեքում ունի եւ փոքրամասնութիւններու պարագային հրապարակային խոստումները մեծ ընտրազանգուածին վրայ հակառակ ազդեցութիւն կրնան գործել։
Պատմական հանգամանքներով պայմանաւորուած բարոյահոգեբանական գործօնները ցոյց կու տան, թէ գիտակցական կամ ենթագիտակցական հարթութեան վրայ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու համար նախատեսուած քայլերը լայն զանգուածին կողմէ կ՚ընկալուին՝ որպէս օտարներու համար կատարուած զիջումներ։ Հետեւաբար, քաղաքական ուժերը, կուսակցութիւնները շատ նրբանկատ կը վարուին եւ ձեռնպահ կը մնան այդպիսի տպաւորութիւններ ստեղծելէ։
Յամենայնդէպս, անոնք իրենց տրամադրութիւնները զգալի կը դարձնեն աւելի նեղ շրջանակի շփումներու ժամանակ։ Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները կ՚այցելեն փոքրամասնութիւններու հոգեւոր կեդրոնները կամ գլխաւոր աշխարհիկ կառոյցները, որոնց բովէն կ՚անցնին առկայ խնդիրներու լուծման որոնումները։ Կուսակցութիւնները կամ քաղաքական ուժերը փոքրամասնութիւններու մամուլն ալ կ՚օգտագործեն՝ իրենց պատգամը հասցնելու համար այդ հաւաքականութիւններուն։
Բայց եւ այնպէս, քանի փոքրամասնութիւններու հարցերը առաւել չափով պետական գիծի մը հետ կ՚առընչուին, բոլոր կուսակցութիւնները նախընտրական գործընթացներուն մէջ նպատակայարմար չեն գտներ տալ այնպիսի խոստումներ, որոնք յաջորդ քայլափոխին կրնան զիրենք հակասական դիրքի մատնել կամ իրենց համար խնդրայարոյց պարագաներ յառաջացնել։
Փոքրամասնութիւնները ունին միակ խաղաքարտ մը։ Որքան որ ալ անոնք չունենան ընտրութիւններու արդիւնքին վրայ ազդելու ներուժը, ապա, յաջորդ քայլափոխին, այդ ընտրութիւնով ձեւաւորուելիք իշխանութիւնը արտաքին քաղաքականութեան իր ցուցափեղկը ձեւաւորելու ժամանակ միշտ կարիքը կ՚ունենայ անոնց։ Այսինքն, ամբողջ աշխարհի մէջ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքը անոնց հարցերու լուծման համար ընծայուած զգայնութիւնը կը համարուի Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան ցուցիչը։ Փոքրամասնութիւններու նկատմամբ վերաբերմունքը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ Թուրքիոյ տեսակէտէ կը համարուի չափանիշ մը։
Ուրեմն այս բոլորի հանրագումարին մէջ կը խմորուին նաեւ կուսակցութիւններու եւ փոքրամասնութիւններու յարաբերուելու եզրերը։
Թուրքիոյ մէջ հայութիւնը երբեք միահամուռ վճիռով կամ միասնական դիրքորոշումով չի մասնակցիր ընտրութիւններուն։ Համայնքը թէեւ բաւական փոքրաթիւ է, սակայն մեծ ներքին տեսակաւորութիւն ունի։
Սա կը բացատրուի այս աշխարհագրութեան բնիկ տարրերէն մին ըլլալու եւ այս հասարակութեան շատ լաւ համարկուած ըլլալու հանգամանքներով։ Իւրաքանչիւր ընտրութեան համայնքի անդամները տարբեր քաղաքական ուժերու կը համակրին եւ տարբեր կուսակցութիւններու կամ թեկնածուներու ի նպաստ կը քուէարկեն։ Պէտք չէ անտեսել, որ բազմաթիւ կուսակցութիւններու շարքերէն ներս կը գտնուին հայազգի գործիչներ եւ քաղաքական գործունէութեան հետամուտ համայնքի անդամներու թիւն ալ կը բարձրանայ։ Բայց այս բոլորը չի նշանակեր, որ համայնքը անտարբեր է ընտրութիւններուն նկատմամբ։ Ընդհակառակն, ընտրութիւնները միշտ կը համարուին՝ քաղաքացիական պատասխանատուութիւններուն նկատմամբ հաւատարմութիւնը ապացուցանելու առիթ։
Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ հայ համայնքները ընտրութիւններու ժամանակ կը ջանան՝ իրենց առաջնահերթութիւններուն համապատասխան հնարաւորութիւններ ապահովել կամ առաւելութիւններու հասնիլ։ Մետայլի միւս երեսակին, ամէնուր ալ հայկական կեանքը կարելի չ՚ըլլար հարիւր տոկոսով խնայել կուսակցական մրցակցութիւններէ կամ քաղաքական ուժերու ազդեցութեան պայքարներէ։ Սա՝ համայնքի քաղաքականութեամբ զբաղող անդամներու ճկունութիւններէն, պատասխանատուութեան գիտակցութենէն կամ հասունութենէն կախում ունի։
Փոքրամասնութիւններու հարցերը ամէնուրեք հնարաւոր է լուծել ամուր քոնսենսիւսով։ Հայազգի գործիչները պէտք է անպիսի վարպետութիւնով մը գործեն, որ մէկ կողմէ այդ կուսակցական տեսքերը չխանգարեն, իսկ միւս կողմէ իրենց ինքնութեան հասարակաց յայտարարին վրայ կարողանան այդ քոնսենսիւսը ապահովել։ Սա, անշուշտ, շատ իտէալական վիճակ մըն է եւ միշտ չէ որ հնարաւոր կ՚ըլլայ ապահովել։
Յամենայնդէպս, թրքահայութիւնը ունի բաւարար փորձառութիւնը՝ նախընտրական իրավիճակներու մէջ անհրաժեշտ նպատակասլացութեամբ ընթանալու տեսակէտէ։ Համայնքի կառոյցները այնպիսի յաճախականութեան մը վրայ կը մնան, որ կարելի չ՚ըլլար համայնքին ընդհանրացումներ վերագրել կամ համայնքը որեւէ քաղաքական ուժի հետ նոյնացնել, պիտակաւորել։ Համայնքային վարիչները քաջ կը գիտակցին, որ ընտրութիւնները կը վերջանան եւ իրենց բուն աշխատանքը կը սկսի յաջորդ քայլափոխին, երբ կը ձեւաւորուի նոր իշխանութիւնը։ Նախընտրական շրջանին համայնքը այնպիսի հեռատեսութիւնով կ՚առաջնորդուի, որ միշտ տեղ մը կ՚ունենայ նոր ստեղծուելիք իշխանութեան հետ աշխատելու։