Ստամբուլի «Ժամանակ» օրաթերթի հեղինակներից Հրայր Տաղլեանն անդրադարձել է Հայաստանի կառավարության օրենսդրական վերջին նախաձեռնություններից մեկին, որով առաջարկվում էր հարկել արտագնա աշխատողներին։ Ստորեւ ներկայացվող հոդվածում Տաղլեանը զուգահեռների վրա դնում անցած դարերի եւ այսօրվա հայ «պանդուխտ»-ներին։
Մեր թուականէն 125 տարիներ առաջ՝ շաբաթ, 6 նոյեմբեր 1899 թուականին, Մշոյ առաջնորդարանը մամուլի ճամբով տարօրինակ կոչ մը կը բարձրացնէր, ուր կը յորդորէր պանդխտութեան մէջ գտնուող այրերուն վերադառնալ իրենց տուները. անոնց կիները իյնալով առաջնորդարանի դուռը այդ մէկը կը պահանջեն, ըսելով «Հերիք է այսչափ սպասեցինք: Կա՛մ մեր ամուսինները կամ մեզի ուրիշ ամուսիններ»:
Որպէս զաւեշտ թուացող այս կոչը իրականութեան մէջ իր մէջը ունի խոր վիշտ մը. այնպէս ինչպէս այսօր, աւելի քան դար մը առաջ ապրող հայը եւս կը դիմէր պանդխտութեան եւ այդ դժբախտ իրողութեան մասին աւելի հասկնալու համար բաւարար է կարդալ Րաֆֆիի «Խաչագողի յիշատակարանը» աշխատութիւնը, որ յստակ հայելին է այս ձախորդութեան:
Սեփական հողի վրայ աշխատանք գտնելը դժուար էր եւ հետեւաբար ընտանիքի անդամները կերակրելու եւ անոնց պէտքերը ապահովելու համար տան հայրը պանդուխտ կը դառնար, սակայն այդ պանդխտութիւնը վերջ չէր ունենար. շատեր կը մեկնէին աւելի քան տասնեակ տարիներ ու դժբախտաբար շատեր շեղելով իրենց նպատակէն, կը մոռնային նաեւ իրենց ընտանիքները եւ անոնց այրիները դժբախտացած առաջնորդարան կու գային. առաջնորդարանը իր կոչին մէջ կը գրէ. «Մենք ականատես եւ ականջալուր եղանք դժբախտ մանկամարդ կիներու աղերսանքին, զոր առտուընէ մինչեւ իրիկուն կը բերեն կը թափեն առաջնորդարան՝ իրենց փոքրիկ ճժերով միասին, տեսնելով անոնց մերկութիւնն ու անօթութիւնը, անոնց կարօտութիւնն ու անպաշտպան վիճակը, պաշտօնապէս կոչ կ՚ընենք Մուշէն…»:
Առաջնորդարան դիմող այդ կիները գիրկընդխառնումի մոլիներ չէին՝ որ «Կա՛մ մեր ամուսինները կամ մեզի ուրիշ ամուսիններ» ուզէին։ Առաջնորդարանի կոչէն իսկ յստակ է, թէ անոնք ծայրայեղ դժուարութեան մէջ կը գտնուէին եւ ի գին իրենց զաւակներու փրկութեան պատրաստ էին դարձեալ պսակուիլ՝ պարզապէս փրկելու այդ անմեղ մանուկներուն կեանքերը՝ որոնց հայրերը պանդխտութեան մէջ կորսուած էին:
Այդ ժամանակներու մամուլը թերթատելով պիտի տեսնենք, թէ պանդխտութեան հարցը լուրջ խնդիր մըն էր մանաւանդ գաւառի հայութեան համար. օրուան մամուլը կ՚ուզէր գտնել ու ուսումնասիրել հայորդիները պանդխտութեան մղող ազդակները. շատեր առաջնորդարանին ըրած կոչերը եւս անիմաստ կը գտնէին, որովհետեւ կը հաւատային, որ պանդուխտ հայորդին իր հայրենիքը վերադառնալու համար կոչերէն անդին ու աւելի՛ բանի մը կարիքը ունէր:
Առաջնորդարանին կոչէն ընդամէնը մի քանի օրեր ետք՝ նոյեմբեր «Նոր Դար» օրաթերթի չորեքշաբթի, 17 նոյեմբեր 1899-ի թիւին մէջ կը կարդանք. «Մինչեւ որ պանդուխտը պատքէ զերծ, իր ծննդավայրին մէջ հաց ճարել կարենալու ապահով չըլլայ, ոչ պաշտօնական եւ անպաշտօն խորհրդածութիւնները, ոչ լրագրական տեսութիւնները խնդիրին իրական ելք մը չեն կրնար տալ»: Առաջնորդարանի կոչը անիմաստ գտնողը (որուն անունը մամուլը չի յիշեր) կը հաւատայ, որ հիմնական խնդիրը նիւթական է եւ ո՛չ բարոյական եւ հետեւաբար անոր իր բառերով «ընծայեցէք պանդուխտին իր բնագաւառին մէջ հացը ճարելու միջոցները այն ատեն խնդիրը ինքնին կը լուծուի. ոչ կին կը մնայ զրկուած իր ամուսինին ներկայութենէն, ոչ տղաք իրենց հօր գգուանքէն, ոչ ալ հայեր իրենց զաւակաց վայելմունքէն»:
Աւելի քան դար մը առաջ ժողովուրդը յուզող այս հարցը ժամանակակից կը գտնենք, որովհետեւ կը տեսնենք, թէ մերօրեայ հայութիւնը եւս օտարութեան ու պանդխտութեան ճամբան կը բռնեն՝ այն տարբերութեամբ որ իրենց հետ միասին օտարութեան կը տանին նաեւ իրենց կիներն ու զաւակները, ապրուստի սիրոյն օտարութեան մէջ ձուլուելու վտանգը աչքի առած. անոնց նշանաբանը մէկ է. «մեր զաւակներուն համար», որովհետեւ կը հաւատան, թէ օտար ափերու վրայ իրենց զաւակները հանգիստ ապագայ մը պիտի ունենան, իսկ մենք ազգովի՝ պետութիւն եւ եկեղեցի Մշոյ առաջնորդարանին նման կը շարունակենք «հայրենադարձութեան» կոչ կարդալ: Նման խնդիր մը ո՛չ գրիչով եւ ո՛չ ալ յորդոր կոչերով կարելի է լուծել:
Շատեր կը հաւատան, որ պանդխտութիւնը անձի դաստիարակութեան հետ կրնայ կապուած ըլլալ. համաձայն չենք այս միտքին, որովհետեւ խնդիրը կապուած է հացի հետ՝ մանաւանդ երբ տան մէջ կան զաւակներ: Պէտք է նկատի ունենալ, որ չքաւորութիւնը, անօթութիւնն ու զրկանքը մարդուն մօտ յաճախ կը սպաննեն սկզբունքն ու արժէքները: Փառք կու տանք, որ այդ անօթութեան պարագաները չենք ապրիր այսօր, սակայն ոչ փայլուն ապագայի մը հեռանկարը մեր հայորդիները կ՚առաջնորդէ պանդխտութեան եւ նման երեւոյթներու դիմաց պէտք է մեղադրել լո՛կ իշխանութիւնն ու ղեկավարութիւնը, որովհետեւ ժողովուրդը դարեր շարունակ առաջնորդուած է «ուր հաց՝ հոն կաց» նշանաբանով:
Մի քանի հայերու հայրենադարձ ըլլալը երկիրի վիճակէն ո՛չ մէկ բան կրնայ փոխել։ Երկիրի մը զարգացումը միասնական աշխատանք կը պահանջէ. դար մը առաջ ապրող յօդուածագիրը եւս կը գրէ. «վիճակն այն ժամանակ կը կարգաւորուի, երբ նրանք բոլորն էլ միասին իրենց հայրենիքի ծոցում լինեն եւ աշխատեն հաւաքական ոյժերով մշակել երկիրը, զարգացնել իրենց մտաւոր բարոյական ոյժերը»:
Հետեւաբար, մեր ներկայ կառավարութիւնը հարկերը բարձրացնել, ժողովուրդի կեանքը դժուարացնելու փոխարէն թող իր շեշտն ու կեդրոնացումը դարձնէ այս արտագաղթի դժբախտ երեւոյթին եւ ազգօգուտ որոշումներով կասեցնէ հոսքը պանդխտութեան. սակայն կը տեսնենք, որ մեր պետութիւնը այդ քայլերուն փոխարէն կը փորձէ հարկ գանձել նաեւ անոնցմէ՝ որոնք հայրենիքէն դուրս կ՚աշխատին ու կը գործեն:
Պէտք է փոխել արտայայտութիւնը. հայեր չե՛ն որ կ՚արտագաղթեն, այլ մեր պետութիւնն է որ իր ժողովուրդը կ՚առաջնորդէ օտարութեան եւ յետոյ Մշոյ առաջնորդարանի նման կոչեր ընելով կը բաւարարուի:
Հրայր Տաղլեան