Հրայր Պալյանը խաղաղարար ծրագրերի փորձագետ է, որն այժմ կենտրոնանում է Հարավային Կովկասի վրա: Նա ղեկավար պաշտոններ է զբաղեցրել ՄԱԿ-ում, ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ում, «Միջազգային ճգնաժամային խումբ», «Քարթերի կենտրոն» ՀԿ-ներւմ՝ աշխատելով հակամարտությունների կարգավորման, ընտրությունների եւ մարդու իրավունքների հարցերով Բալկաններում, Արևելյան Եվրոպայում, Կովկասում, Կենտրոնական Ասիայում, Մերձավոր Արևելքում եւ Աֆրիկայում:
Հայաստան եւ սփիւռք գոյութենական անդունդի եզրին կը գտնուին։ Ներքին պառակտումները Հայաստանի մէջ, սփիւռքի մէջ եւ Հայաստանի ու սփիւռքի միջեւ, ա՛լ աւելի կը վատթարացնեն անդունդի սպառնալիքը:
Համաշխարհային հետաքրքրութիւնը հեռաւոր եւ հանքանիւթերով աղքատ Հայաստանի նկատմամբ, լաւագոյն պարագային, սահմանափակ է: Նոյնիսկ ցեղասպանութեան վտանգը կամ անոր գործադրումը լուրջ հետաքրքրութիւն չի կրնար արծարծել՝ վկայ Կազայի մէջ գործադրուող ցեղասպանութիւնը: Եթէ մենք՝ հայերս, չկարենանք դիմակայել մարտահրաւէրները, ուրիշ երկիրներ պիտի չ՛օգնեն:
Հիմնական սպառնալիքները դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ է համախմբուիլ նուազագոյն ընդհանուր յայտարարի (minimum common denominator) մը շուրջ եւ մշակել նուազագոյն գործնական ծրագիր մը։ Որո՞նք են ամէնէն կարեւոր գոյութենական սպառնալիքները, եւ նուազագոյն ընդհանուր յայտարարը ին՞չ տարրեր պէտք է ներառէ:
Անմիջական սահմանային խոցելիութիւններէ անդին, առաջնային գոյութենական սպառնալիքը Հայաստանի մեկուսացումն է տարածաշրջանէն եւ իր դրացիներէն։ Հայաստանը ունի հակամարտող, հակառակորդ յարաբերութիւններ Ազրպէյճանի (թիւ 1 թշնամի), Թուրքիոյ (թիւ 2 թշնամի) եւ Ռուսիոյ հետ։ Վրաստանի հետ Հայաստանը ունի սառն, եթե ոչ ոչ-բարեկամական յարաբերութիւններ։ Իսկ Իրանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները Արեւմուտքի կողմէ կը դիտուին իբրեւ անցանկալի:
Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ հետ Հայաստանի եւ հայութեան հակասութիւնները կարգաւորելու փոխարէն, մենք կը ձգտինք բարեկամական յարաբերությիւններ եւ դաշինքներ զարգացնել հեռաւոր Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ, հակառակ անոնց բացայայտ զգուշացումներուն, որ իրենք Հայաստանի փրկութիւնը չեն կրնար ապահովել։ Արեւմուտքի հետաքրքրութիւնը Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի նկատմամբ չի գերազանցեր տարածաշրջանին մէջ Ռուսիոյ ու Իրանի շահերը խաթարելէ եւ հանածոյ վառելիքի մատակարարումները ապահովելէ անդին:
Անկախ կորուստի նպաստող պատճառներէն, յատկապէս Ազրպէյճանի անզիջողականութիւնը եւ մեր կողմի անպատրաստութիւնը պատերազմ դիմակալելու կամ փոխզիջումներու համաձայնելու, ինչպէ՞ս պէտք է արձագանգենք Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած Արցախի ցեղային զտումին եւ ցեղասպանութեան։
Կարելի՞ է կորուստը շրջել: Կրնա՞նք հետապնդել Ալիեւը եւ գործակիցները միջազգային դատարաններու (օր. Միջազգային քրէական դատարան-ICC) մէջ: Ի՞նչ հեղինակութիւն կ’ունենայ այդ գործընթացը, եթէ Հայաստանի պետութիւնը հարցէն դուրս մնայ: Վերադարձի իրաւունքի հետապնդումը ի՞նչ կրնայ իրագործել, ի՞նչ պայմաններու տակ, ո՞ւր պէտք է հետապնդել հարցը։ Ի՞նչ պէտք է ըլլան այսպիսի գործնթացներու նպատակները: Կա՞ն այլընտրանքային պահանջներ / լուծումներ, որոնք Ազրպէյճանը կ՝ընդունի կիրարկել: Ազրպէյճանի հետ առճակատումները, մշտական թշնամութիւնը ի՞նչ հետեւանք կ՝ունենան։ Ազրպէյճանը կարո՞ղ է փոխել իր կեցուածքը։ Դժուար է պատասխանել այս հարցումներուն, Թերեւս անկարելի՛։ Բայց պէտք է քննել այս հարցերը։
Նոյնպէս, թերեւս աւելի դժուար է քննարկել 1915 թուականի Ցեղասպանութեան մասին մեր 109 տարիներու սովորութիւնները, հասկացողութիւնները եւ եզրակացութիւնները։ Բայց, արդեօք Ցեղասպանութի՞ւնը պէտք է տիրապետէ, բնորոշէ կամ յատկանշէ հայկական աշխարհի մտածելակերպը եւ ապագայի տեսլականը։ Արդեօք այսպիսի հարցադրում կը խեղաթիւրէ՞ Ցեղասպանութեան պատմական ժառանգութիւնը։ Արդեօք այս հարցի հետապնդման տարբերակներու քննութիւնը պէ՞տք է շարունակէ մնալ սրբապղծութիւն, զոր կարելի չէ քննարկել: Արդեօք Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան այլընտրանքային ուղիներ կա՞ն, առանց զիջելու Ցեղասպանութեան ապացուցուած իրականութիւնը եւ անկէ բխող որոշ պահանջները։
Ի՞նչ պահանջ ունինք այս հիմնահարցին շուրջ։ Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը թուրք պետութեան կողմէ տրամաբանական է, նոյնպէս կոթողներու վերականգնումը, նաեւ տնտեսական որոշ հատուցումներ։ Կա՞ն նաեւ խորհրդանշական պահանջներ։ Իսկ ինչպէ՞ս վերաբերիլ հողային հատուցման, Սեւրի դաշնագիրի վերականգնման, Կարսի Դաշնագիրի չեղարկման կամ այլ հարցերու։
Այսպիսի դժուար նիւթեր պէտք չէ թապու մնան, երբ լռութիւնը կամ լոզունգներու կոյր կրկնութիւնները կրնան միայն բախիլ թրքական ժխտողական պատին:
Անշուշտ կրնանք շարունակել մեր պահանջատիրութիւնը։ Բայց պէտք է իրազեկ ըլլանք, որ միջազգային իրաւունքի հետապնդումը ունի realpolitik սահմաններ։ Վկայ Կազայի մէջ գործադրուող ցեղասպանութիւնը։ Նոյնիսկ միջազգային դատարաններու վճիռները պարտադիր չեն, յաճախ կոպտօրէն կ՛անտեսուին։
Կայ նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի (ICJ) որոշումը, որ վաւերացուց Քոսովոյի անջատումը Սերպիայէն, եւ որ ձեւով մը կը խեղաթիւրուի եւ չի կիրարկուիր Արցախի պարագային:
Միջազգային քրէական դատարանի (ICC) կալանաւորման հրամանները (մեղադրական եզրակացութիւնները) կամ Արցախի շրջափակումը դադրեցնելու ICJ-ի հրամանները կ՝անտեսուին անպատիժ: Զարմանալի չէ, որ իրաւունքներն ու աշխարհաքաղաքականութիւնը շատ յաճախ կը բախին: Ի հարկէ, պարտաւոր ենք մնալ միջազգային օրէնքներու ճիշդ կողմը։ Բայց որովհետեւ միջազգային կանոնները եւ իրաւունքները մեր կողմն են, քանի որ մենք կարողութիւնը ունինք, այդ իրաւունքներու հետապնդումը միշտ եւ անպայման խելամիտ չէ:
Արցախեան եւ Ցեղասպանութեան հիմնական հարցերէն անդին, ու՞ր է Հայաստանի տեղը այսօրուան տարածաշրջանի եւ աշխարհի մէջ։ Արդեօք Հայաստանը պէ՞տք է կողմնորոշուի առկայ աշխարհառազմավարական մրցակցութիւններուն մէջ՝ Արեւելք ընդդէմ Արեւմուտքի, ժողովրդավարութիւն ընդդէմ բռնապետութիւն եւ այլն, թէ՞ պէտք է մնայ կառուցողականօրէն հաւասար հեռաւորութեան վրայ թէ՛ Արեւմուտքէն եւ թէ՛ Արեւելքէն։
Ինչպէ՞ս կրնայ Հայաստանը ունենալ բաւականաչափ զսպող կամ կանխարգելիչ ուժ, ներառեալ՝ ռազմավարական դաշինքներու միջոցով, եւ միաժամանակ զարգացնել բարեկամական յարաբերութիւններ իր դրացիներուն հետ։ Ինչպէ՞ս կարելի է զանազանակերպել Հայաստանի տնտեսութիւնը, առանց մեծ ցնցումներու եւ առանց Ռուսիոյ աչքին փուշ դառնալու։
Առաւել, ու՞ր է այսօր սփիւռքի տեղը հայ աշխարհին մէջ։ Սփիւռքի հին մտաւորական կեդրոններու կործանումով, ուր հայկական մշակոյթը գոյատեւած է Հայաստանէն դուրս, եւ որոնք արտադրած են մարդուժ սփիւռքի միւս գաղթօճախները սնուցելու համար: Սփիւռքը այսօր ընդհանրապէս կը մաշի՝ աստիճանաբար թուլանալով։ 1991 թուականէն ի վեր սփիւռքի առաւել ուղղուածութիւնը դէպի Հայաստան, որքան ալ այդ թերի կամ անբաւարար եղած ըլլայ, թուլացուցած է զինք։ Ի՞նչ կարելի է ընել այս կացութիւնը փոխելու համար։
Նկատի ունենալով վերը նշուած մարտահրաւէրները, պէտք չէ զարմանանք, որ Հայաստանի բնակչութեան թիւը արագ կը նուազի։ Բնակչութիւնը այսօր՝ 2,5 միլիո՞ն է, 2 միլիո՞ն, թէ՞ աւելի նուազ։ Պատճառները անվտանգութեան սպառնալիքնե՞րն են, գիւղերու ծայրայեղ աղքատութի՞ւնը, տնտեսական սահմանափակ կարելիութիւննե՞րը, թէ՞ մենք միշտ ունեցած ենք այս երեւոյթը, նոյնիսկ Ցեղասպանութենէն առաջ: Ինչո՞ւ: Ի՞նչ կարելի է ընել այս հակումը դադրեցնելու կամ նոյնիսկ շրջելու համար: Այս հարցը լուրջ եւ բազմակողմանի քննարկումի նիւթ չէ եղած:
Հայաստանի եւ սփիւռքի վերոյիշեալ եւ այլ գոյութենական սպառնալիքներու ընդդէմ մեր ներքին պառակտումները Հայաստանի մէջ, սփիւռքի մէջ եւ Հայաստանի ու սփիւռքի միջեւ ընդունելի չեն կրնար ըլլալ: Հոս պէտք է ներառենք կործանարար, թէկուզ արդարացուած պառակտումները Հայաստանի ներկայ կառավարութեան եւ վարչապետին շուրջ։ Հիմնական սպառնալիքներու հակադարձելու համար անհրաժեշտ է զարգացնել նուազագոյն ընդհանուր յայտարար մը, որուն շուրջ կարելի պէտք է ըլլայ համախմբուիլ: Եթէ քաղաքական կազմակերպութիւնները անկարող են ստանձնել այսպիսի կառուցողական դեր, ո՞վ կրնայ այդ դերը ստանձնել:
Վերջապէս, ո՞ւր պէտք է քննարկուին այս եւ լրացուցիչ գոյութենական մտահոգութիւնները: Ինչպէ՞ս կարելի է նման հարցեր ներկայացնել մտածող (աւելի քան մտաւորական) հայ վերնախաւին: Արդեօ՞ք մեզ կը հետաքրքրեն կամ կ’անհանգստացնեն նման հարցերը:
Այս յօդուածով ես փորձեցի հարցեր արծարծել հիմնարար, դժուար ու զգայուն նիւթերու վերաբերեալ եւ չհամարձակեցայ տալ պատասխաններ, որոնք, անշուշտ, կը գերազանցեն մէկ անձի գիտելիքներն ու փորձը: Կը յուսամ, որ հարցումներս կը խթանեն հանրային բանավէճ մը եւ լուծումներու հաւաքական որոնում մը:
Աղբյուրը՝ «Ազդակ» օրաթերթ