«Հայացք դրսից» խորագրով ներկայացնում ենք ՀՅԴ կուսակցության Եգիպտոսի պաշտոնական օրգան «Յուսաբեր» («Հուսաբեր») թերթի գլխավոր խմբագիր Զավեն Լիյլոզյանի պատասխանները «Ալիք Մեդիայի» հարցաշարին։
Եթէ պատերազմը քաղաքականութեան բաղադրիչ է, այսինքն՝ դիւանագիտութեան կամ այլ գործօնի չլուծածը պատերազմով կը լուծեն, ապա հոն պէտք է փնտռել 44-օրեայ պատերազմի բանալին։ Զէնքը կը խօսի հոն, ուր մարդկային լեզուն չի հասկցուիր։ Մինչեւ այն օրը, որ Հայաստան յստակ կը ձեւակերպէր իր խնդիրը համաշխարհային հանրոյթին հասկնալի լեզուով, պատերազմը բացառուած էր։ Այն օրէն, որ անհասկնալի դարձաւ այդ լեզուն, պատերազմին օրինականութիւն տրուեցաւ։
Կանխե՞լ, դժուար է նման բան ըսել, երբ դէպքերու զարգացման շղթան է պատճառը։ Կանխելու համար արտակարգ հնարաւորութիւն պէտք է ունենալ, որով դիմացինը արկածախնդրութիւն համարէ պատերազմը։ Երբ նման տարհամոզող հնարաւորութիւն չունիս, չես ստեղծած, երրորդ ուժը կամ ուժերը կրնան այդ գործը կատարել, սակայն՝ իր կամ իրենց թելադրած պայմաններով։ Այս ալ կրնար տեղի ունենալ պատերազմը ծագելէ հաշուած օրեր կամ ամիս մը անց։
Արտահերթ ընտրութիւնները ուզած-չուզած երկընտրանքի առջեւ դրին Հայաստանի ընտրողները, բացառեցին բազմընտրանքը։ Այս բանաձեւի մեքենական հետեւանքն ունինք այսօր, որ, բնական է, ներքաղաքական լարուածութիւնը, հասարակութեան պառակտուածութիւնը չի լուծեր։
Ընտրութեան հակառակ արդիւնքն ալ կրնար հարիւր տոկոսանոց բաղձալին չըլլալ։ Կարեւորն այն է՝ ընտրողն ի՛նչ նպատակ դրած էր իր առջեւ եւ ի՛նչ կը փորձէր լուծել։ Ամէն ոք իր ընտրութեան հետեւանքը պիտի կրէ, ինչպէս 1991-ի նախագահական ընտրութիւններուն, երբ մարդիկ գացին ընտրեցին, ապա երկիրը լքեցին ու գաղթեցին օտար աշխարհներ։
Ընտրութեան առարկան անհատէն նպատակ պիտի շրջել։ Այսօր այս անհատը կրնայ լուծել խնդիրը, ուրեմն կ’ընտրենք զինք, վաղը՝ երբ խնդիրը տարբեր ըլլայ, յարմարագոյնին պիտի ընտրէ քաղաքացին, որ իր եւ իր պետութեան շահերուն հետամուտ է, «յանուն» կը քուէարկէ եւ ոչ «ընդդէմ»։ Նախորդ ընտրութիւններուն այս տրամաբանութիւնը լղոզուած էր, աւելին՝ շրջուած։
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու առումով խնդիրն այսպէս կրնամ ձեւակերպել․ թշնամի գոյացութիւններու հետ մեկնակէտային յստակ տարբերութիւններ ունինք որպէս ազգ։ Եւ դարաւոր ամբողջ հակամարտութեան մէջ պիտի առաջնորդուիլ միակ տրամաբանութեամբ եւ ամէն միջոց ծառայեցնել անոր։ Արդ՝ ունինք կեանքի եւ ազատութեան իրաւունք, որուն տեւաբար կը հակադրուի բիրտ ուժի իրաւունքը, զոր թշնամին կը բանեցնէ։
Կեանքի իրաւունքի ուժ եւ բիրտ ուժի իրաւունք։ Այս երկուքին միջեւ պէտք է իրաւարար ըլլար միջազգային իրաւունքը, որ սակայն քաղաքականացուած է․ աշխարհն ընտրողաբար կը հակի մէկ կամ միւս տրամաբանութեան, եթէ ան ալ չպառակտուի։
Պարագայի մը բնական իրաւունքի ուժը կը տեսնենք յաղթանակած, միւսին՝ բիրտ ուժինը։ Արդէն անկախ պետութիւն ունենալու օրինական պահանջներուն մէջ ալ նշուած է ինքնիրեն պաշտպանելու կարողութիւնը։ Յստակ է նաեւ, որ մեր աշխարհամասին մէջ, ուր կայսերապաշտութիւնը չէ պարտուած եւ կը յամենան նկրտումները, սահմանները վերջնական չեն ճշդուած եւ միջազգային իրաւունքով հաստատուած, ուր մեզ շրջապատող թուրք եւ ատրպեյճանական գոյացութիւնները իրենց աջակից ուժերով չեն աւարտած իրենց ռազմավարական առաջադրանքներու իրագործումը, կը մնայ հնարաւորինս պաշտպանել կեանքի սեփական իրաւունքը, բիրտ ուժի տրամաբանութեան հակադրել միջազգային իրաւունքով ազգին ու իր պետութեան հարիւր տարի առաջ տրուած իրաւունքի զինարանը եւ, բնական է, չդադրիլ պաշտպանական կարողութիւնները զարգացնել, հարստացնել։
Հոս կարեւորը, առաջնահերթը՝ չվատնել արդէն իսկ շահած իրաւունքդ, այդ կոչուի Սեւր, Ուիլսընեան իրաւարարութիւն թէ այլ, բացառել օրինականացումը Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրերու, որոնք նոյնպէս բիրտ ուժով պարտադրուած են ու հարցերը չեն լուծած։
Այս կէտին վրայ է, որ աշխարհին պէտք է դնել պատասխանատուութեան առջեւ՝ կա՛մ-կա՛մ։ Այս կէտին շուրջ է, որ Արտերկիրը մեծ դեր ունի կատարելիք, որպէս հայրենազրկուած իրաւատէր։ Անշուշտ ամբողջ համակարգ մը կեանքի պիտի կոչել եւ ամէն ինչ ծառայեցնել այդ տրամաբանութեան։
Արցախը մէկ մասնիկն է ընդհանուր Հայ դատին։ Մենք վճռած ենք Հայաստանին տէր կանգնիլ, եւ այդ Հայաստանին անքակտելի մասն է Արցախը, ինչպէս Արարատեան դաշտավայրը, Գեղարքունիքը, Տարօնը կամ Վասպուրականը։
Տարբերութիւն չկայ։
Տարբերութիւնը հրատապութեան մէջ է։ Այսօր միայն Արցախը չէ հրատապ, նա՛եւ Սիւնիքն է եւ Գեղարքունիքը, Հայոց աշխարհի ջրային պաշարները, հայ մարդու, հայկական պետականութեան գոյութիւնը։ Հայաստան թէ Սփիւռք ընդհանուր յայտարարի պէտք է գան, ինչպէս քիչ վեր ակնարկեցինք, եւ համակարգ յառաջացնեն։
Հայաստանը մասնատուածութիւն չ’ընդունիր՝ աս իմ հայրենիքն է, այն՝ ոչ։ Այսպիսի բան չկայ, չի կրնար ըլլալ։ Մէկ ազգը մէկ հայրենիք ունի եւ այդ հայրենիքը պիտի պահէ, պահպանէ ու զարգացնէ, որպէսզի ինք ալ ապրի եւ կենսունակ մնայ։ Հետեւաբար այս հիմնադրոյթին մէջ պիտի դիտենք իրերը։
Տարբեր գնահատականներու ենթակայ է ընտրութեան մը անկեղծ կամ կեղծուած ըլլալը։ Բանակցութիւններու առարկան երբ գոյաբանական հարցեր կը շօշափէ քաղաքացիներուն համար, մնացածը երկրորդական կը դառնան։
Պետութիւններու պայքարներուն մէջ ներքին ճակատի ամրութիւնը անչափ կարեւոր է։ Եթէ ընտրութիւնները այդ ներքին ճակատի ամրութեան չեն սպասարկեր, ուրեմն անպէտ են։ Մենք այսօր ունինք անպէտ ընտրական արդիւնք,՝նկատելով, որ տրամաբանութիւնը չգործեց, անձնատուութիւն ստորագրողը քաղաքական դաշտէն չանյայտացաւ, չչքուեցաւ։ Դրսեւորուած աներես յամառութիւնը սեփական գոյութիւնը քաշկռտելուն միայն կը ծառայէր եւ կը ծառայէ։
Պետութիւնը լուրջ բան է եւ լրջութեամբ պիտի վերաբերիլ անոր։ Այս լրջութիւնը չցուցաբերեցինք անցած 30 տարուան ընթացքին։ Այսօր պէտք է սրբագրենք զայն։
Կը մնայ վերջին խնդիր մը, որուն մասին կ’արժէ խօսիլ․ մեր ազգային շահերէն կը բխի իրաւունքի ուժին ոչ միայն անվերապահ աջակցութիւնը, այլեւ կեդրոնացած աշխատանքը, որ բիրտ ուժը միանշանակ օրէնքէ դուրս հռչակուի եւ քաղաքականութենէ դուրս բերուի։ Այս աշխատանքն ալ համադրուած պէտք է կազմակերպել եւ յառաջ տանիլ․ մեզի պէտք է աշխարհ, ուր կրնանք անվրդով ապրիլ, կարենանք ապրիլ սեփական խաղի կանոններով, առանց ներքաշուելու այլոց պարտադրած կամ մտածած խաղերուն մէջ։ Աս ալ երկար ժամանակի վրայ իրագործելի նպատակ։