«Ալիք Մեդիա»-ի «Հայացք դրսից» խորագրով ներկայացնում ենք Ստամբուլի «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագիր Արա Գոչունյանի մտորումները ստեղծված իրավիճակում Հայաստան-Թուրքիա հարաբերությունների հաստատման կարեւորության մասին։
Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան քաղաքականութիւնը երեք տասնամեակէ ի վեր կառուցուած էր՝ ցեղասպանութիւնով պայմանաւորուած տուժածի հոգեբանութեան համապատասխան ձեւով։
Բոլոր նախընտրութիւնները, առնուած բոլոր քայլերը, անշուշտ, ունէին իրենց հիմնաւորումը, կը համապատասխանէին որոշ կարիքներու դիմագրաւման։ Մեծ հաշուով, պատկերաւոր խօսքով, հետեւեալ վիճակն էր. Հայաստան երկիրը իր տարածքի անվտանգութեան երաշխաւորումը «անվտանգութեան ընկերութեան» մը նման պատուիրած էր Ռուսաստանի Դաշնակցութեան, իսկ ֆինանսաւորումը՝ սփիւռքին։ Սա անշուշտ չափազանցուած բանաձեւում մըն է, սակայն, անցեալ երեք տասնամեակի իրողութիւնը որոշ չափով կը ցոլացնէ։
Թէ ի՞նչ պէտք է ընել այժմ, անշուշտ, միանշանակ դժուար է պատասխանել։
Միջազգային յարաբերութիւններու մէջ, միջպետական յարաբերութիւններու մէջ, քաղաքականութեան մէջ կան բաներ, որոնք կ՚ըլլան քու կամքէդ կախեալ, կան նաեւ բաներ, որոնք կրնան քու կամքէդ անկախ ընթանալ։ Պարզ է, որ Հայաստան նոր իմաստ մը պէտք է տայ, նոր արժեւորում մը պէտք է հաղորդէ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն։
Խօսքը բացարձակապէս ցնցումի ազդեցութեամբ Մոսկուայի դէմ դրօշ պարզելու մասին պէտք չէ ըլլայ։ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ վերջերս հնչեցուած երկու յայտարարութիւն լրիւ բաւարար է՝ պատկերացնելու համար, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հարցաքննուի Հայաստանի ցարդ որդեգրած ընթացքը, եւ ի՛նչ ուղղութիւնով պէտք է փնտռել ապագան։
Փաշինեան վերջերս յայտարարեց, որ Հայաստանի վրայ կատարուած յարձակում կը նշանակէ Ռուսաստանի վրայ կատարուած յարձակում։ Պարզ է, որ դաշնակից երկու պետութիւններու մասին է խօսքը, անոնք ունին առանձնայատուկ յարաբերութիւններ, ռազմավարական գործընկերներ են, սակայն իրենց ստեղծած համակարգը բաւարար չէ եղած կողմերէն մին ճակատագրական պահուն խնայելու։
Այժմ թէկուզ պէտք է հասկնալ, որ «Հայաստանի վրայ գործուած յարձակում կը նշանակէ Ռուսաստանի վրայ գործուած յարձակում» բանաձեւումը կենսունակ կրնայ ըլլալ, եթէ որոշ չափով ի զօրու ըլլայ նաեւ հակառակը։
Վերջին տասնամեակներուն՝ որպէս ռազմավարական դաշնակից, Հայաստան Ռուսաստանին կարողացած է առաջարկել կամ տալ գրեթէ միայն ու միայն իր հաւատարմութիւնը։ Իսկ տարածքաշրջանային կշիռը հետզհետէ կորսնցուցած երկրի մը հաւատարմութիւնը ի՞նչ կրնայ արժել Ռուսաստանի նման հսկայի մը համար, չէ յստակացուած։ Հայկական կողմը խուսափած է այս տարրական հարցումին հետ առերեսուելէ։
Միջազգային յարաբերութիւններու մէջ դիւանագիտական պատշաճութիւն մը կը համարուի ըսել, որ այս ինչ երկիրը միւսին հետ յարաբերութիւնները չի կառուցեր երրորդի մը դէմ։ Իսկ այս պարագային, Հայաստան ձգտած է ակնյայտօրէն Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները կառուցել Թուրքիոյ դէմ։
Պարզ է, որ ցանկացած պետութիւն հաւանական բոլոր սպառնալիքները չէզոքացնելու ձգտումը պէտք է ունենայ, սակայն այդ բանը կարելի չէ ապահովել առանց ինքզինքը կեդրոնին դնելու։ Ուստի, յառաջիկայ շրջանին ա՛լ աւելի իրատես հիմքերու վրայ պէտք է դնել Երեւան-Մոսկուա համագործակցութիւնը։
Նիկոլ Փաշինեանի յատկանշական միւս յայտարարութիւնը այն էր, որ ԱՄՆ-ի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ուղիղ արձագանգն էր Արցախի 44-օրեայ պատերազմին։ Թէեւ վարչապետը բոլորովին այլ նկրտումներով կը բարձրաձայնէր այս խօսքերը, սակայն մետայլի միւս երեսակին այդ յայտարարութիւնները կը մերկացնէին վերջին երեք տասնամեակի գլխաւոր հակասութիւնները եւ պետական շահու գերադաս առանցքէն շեղումները։
Այսօր Հայաստան ի շարունակութիւն Փաշինեանի վերոյիշեալ յայտարարութեան պէտք է անկեղծօրէն գտնէ հետեւեալ հարցումին պատասխանը։ Աւելի լաւ էր, որ Հայաստան եւ Արցախ պահէի՞ն 44-օրեայ պատերազմէն առաջ իրենց ունեցած դիրքը, կացութիւնը եւ ԱՄՆ ճանչցած չըլլար ցեղասպանութիւնը, թէ՞ ոչ աւելի լաւ է հիմա, երբ պատերազմի ծանր ձախողումէն եւ պետական ինքնիշխանութեան վտանգումէն վերջ՝ ԱՄՆ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ո՞րն է նախընտրելին, ո՞րն է նպաստաւորը, պէտք է բոլոր գործօնները կշիռքի վրայ դնել։
Վէճէ դուրս է, որ Հայաստան պէտք է ուղղակի յարաբերուելու եզրեր, միջոցներ գտնէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ։ Նոյնպէս վէճէ դուրս է, որ այս բանը կարելի չէ յաջողցնել ներկայիս վերարտադրուած այս իշխանութեան հետ, որու բանակցելու ընդունակութիւնները նոյնիսկ կասկածի առարկայ չեն։
Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Երեւան պէտք է իր կամքը զգալի դարձնէ թէ՛ Անգարայի եւ թէ Պաքուի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ուղղութեամբ։ Այդ կամքին զգալի դառնալը կրնայ Հայաստանին ապահովել որոշ ժամանակ, որ անհրաժեշտ է ներկայիս թուլացած դիրքերը մասամբ բարելաւելու եւ հարեւաններու հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ժամանակ տարրականին, նուազագոյնին ձգտելու համար։
Անցեալ երեք տասնամեակի փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ Հայաստան կայացած պետութիւն մը պիտի չկարողանայ դառնալ՝ առանց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու։ Ճիշդ է, որ սա կրնայ ունենալ ռիսքեր, նոյնիսկ մեծ ռիսքեր։ Բայց այսօր ո՞վ կրնայ պնդել, որ յարաբերութիւններու բացակայութիւնը այդ ռիսքերէն զերծ պահած է Հայաստանը։ Այսօր ո՞վ կրնայ պնդել, որ Ռուսաստանի ետեւ թաքնուելով կարելի չէ խուսափիլ Թուրքիոյ վերագրուած վտանգներէն կամ սպառնալիքներէն։
Անցեալ դարասկիզբին ալ հայութիւնը թրքական կողմին դիմաց ճակատագրական ձախողումներ դիմագրաւած էր, եւ ռուսական կողմը բաւարար երաշխիք մը չէր եղած։ Այսօր դար մը անց նոյն երեւոյթն է։ Անշուշտ, մեղաւորը ռուսական կողմը չէ։ Դաշնակիցները պէտք է նաեւ լաւ պատկերացնեն իրարու շահերը։ Առանց Թուրքիոյ հետ խօսելու համարձակութիւն դրսեւորելու, առանց երկու պետութիւններու ուժային յարաբերակցութեան տրամաբանութեան յարիր ձեւով դրական յարաբերուելու ճանապարհ մը գտնելու, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի չկարողանայ կայացած պետութիւն մը ըլլալ։
Այս բանը պէտք է փորձել։ Այս բանը ինքնաբերաբար խաղի կանոնները պիտի բնորոշէ նաեւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու մէջ։ Այդ կամքը չցուցաբերելով Հայաստան այսօր հասաւ կործանման, ինքնիշխանութիւնը կորսնցնելու եզրին։ Նոյն ընթացքով շարունակելը քայլ մը վերջ պիտի նշանակէ ամէն ինչի կորուստը։ Չարժէ՞ր փորձել այլընտրանքը։ Այդ վարկածը յաչս Ռուսաստանի ալ աւելի տանելի դաշնակից մը կրնայ դարձնել Հայաստանը։