«Հայացք դրսից» խորագրով ներկայացնում ենք ՀՅԴ կուսակցության մամուլի օրգաններից 1899 թվականից Բոստոնում լույս տեսնող «Հայրենիք» շաբաթաթերթի գլխավոր խմբագիր Զավեն Թորիկյանի պատասխանները «Ալիք Մեդիայի» հարցաշարին։
Նախ չմոռնանք, որ սահմաններուն վրայ միշտ ալ անպակաս էին կրակոցներն ու ռմբակոծումները: Քանի մը անգամ անակնկալ եւ լուրջ յարձակումներ ալ կազմակերպուեցան: Կաթսան եփուելու ընթացքին մէջ էր:
Հիմնահարցի լուծման համար խօսակցութիւններն ու տեսակցութիւնները զգալի, ցանկալի յառաջդիմութիւնը չէին արձանագրեր, այլ պարզապէս կը յետաձգէին պատերազմը: Պատերազմ մը, որուն պատրաստ չէինք: Թէ՛ «հիներ»-ն ու «նորեր»-ը (ալ դժուար է զանազանելը) կամ թէ՛ «սպիտակներ»-ն ու «սեւեր»-ը (այդ մէկն ալ դժուար է զանազանելը) կարելի է յանցաւոր նկատել:
Բոլորս անխտիր խաբուած էինք «թաւշեայ յեղափոխութեամբ»: Փոխարինուած էին դէմքերը, պետութեան ամենաբարձր դիրքէն՝ մինչեւ բանակի մէջ պաշտօն ստանձնող սպաները: Պատճառ մը աւելի՛. հայրենի նոր ղեկավարութիւնը անպատրաստ, անտեղեակ, naive էր (ածական մը, որուն հայերէն թարգմանութիւնը՝ պարզամիտ, ամբողջովին չի բնութագրեր կացութիւնը):
Մինչդեռ Պաքուն եւ Անգարան, իրենց հետ ունենալով ահաբեկչական վարձկաններ, դաւ մը (դաւե՛ր) կը սարքէին:
Ասդին, ո՛չ մէկ շօշափելի օժանդակութիւն Հայաստանին, բացի փաղաքշական կարգ մը խօսքերէ: Այսպէս, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ռազմական ոլորտներէն ներս կորսնցուցինք, ինչ որ ունէինք կամ ձեռք բերած էինք վերանկախացման յաջորդ տարիներուն: «Պսակաձեւ ժահր»-ին ստեղծած տարօրինակ կացութիւնն ալ իր բաժինը ունեցաւ, որ թշնամին ամենայն դիւրութեամբ գործի լծուի:
Այս բոլորը՝ Հայաստանի եւ անմիջական դրացիներուն շրջագիծին մէջ: Կրնանք օղակները տարածել նաեւ դէպի շրջանային եւ միջազգային նոր զարգացումներու դաշտերը, նոր իրավիճակները, որոնք ահա մօտաւորապէս տասը տարիէ ի վեր կը տանջեն Միջին Արեւելքն ու Հիւսիսային Ափրիկէն, իբրեւ նոր ալիքներ՝ նախկիններուն վրայ: Կարելի է դիտել նաեւ Սեւ ծովու հիւսիսային գօտին կամ աւելի հեռու տարածուող տագնապահար շրջաններ։ Այդ բոլորը իրենց բաժինները ունեցան նաե՛ւ Կովկասի եւ մասնաւորապէս Հայաստան-Արցախ գօտիին մէջ: Կը կարծեմ, թէ պէտք չունինք երկար մանրամասնելու:
Զգացական ձեւով պիտի սկսիմ, սակայն ոչ ամբոխահաճ: Անշո՛ւշտ որ կարելի էր ամէն գնով պայքարիլ եւ գործիլ, որպէսզի չունենանք աշխարհի ամէնէն աւելի երիտասարդ ու անշունչ հողատարածքը, թաղամասը, աւանը՝ Եռաբլուրը։ Հապա անտուննե՞րը, պարկերու մէջ լքուած կամ ցայսօր անտառներուն մէջ կորսուած դիե՞րը, մեզմէ խլուած ընդարձակ հողե՞րը։
Անկասկած որ կարելի էր, եւ որքա՜ն տարբեր պիտի ըլլար պատկերը, որքա՜ն սակաւ պիտի ըլլար կորուստը (նիւթական, բարոյական, տնտեսական եւ յատկապէս մարդկային): Ամէն մէկ օր տարբեր կացութիւն ստեղծած էր: Դժբախտաբար ճիշդ մարդը, ճիշդ տեղը եւ ճիշդ ժամուն չէր գտնուեր: Օրական դրութեամբ տեղի ունեցան գահավէժ անկումն ու փլուզումը:
Ի՜նչ հետաքրքրական պիտի ըլլայ մեր տրամադրութեան տակ ունենալ Արցախի վերջին պատերազմին օրատետրը, Սեպտեմբեր 27-էն մինչեւ Նոյեմբեր 9, եւ այդ՝ ամենայն թափանցիկութեամբ, սկսելով ռազմաճակատի վրայ կատարուած վերադասաւորումներէն, այդ դաժան օրերուն մետալներու տուչութենէն, «տրոնամոյն» (44-օրեայ պատերազմէն՝ նորաստեղծ ածական մը) եղած մեր անմեղ զինուորներէն մինչեւ… վարչապետին կողմէ «տժգոյն եւ անբախտ» որակուած՝ բերդաքաղաք Շուշիի անկումը:
Հուսկ, հոս ալ տեղին է գործածել անգլերէն բացատրութիւն մը՝ mal management:
Երբ 44-օրեայ պատերազմի չարաչար պարտութեան ղեկավարութիւնը վերստին կ՚ընտրուի (թէեւ 2018-ին բաղդատած համեմատաբար աւելի քիչ, սակայն բաւական մեծ տարբերութեամբ), հոս հարցը լուրջ է եւ անհասկնալի: Յատկապէս կացութիւնը աւելի կը լրջանայ, երբ իսկապէս փաստուի (դժուար թէ ապացուցուի), թէ զեղծարարութիւն չէ կատարուած:
Համեմատած նախկին Ազգային Ժողովի պատկերին, աւելի բարձր է թիւն ու համեմատութիւնը՝ ընդդիմադիր ճակատի աթոռներուն: Սակայն մարտահրաւէրը մեծ է, ու կատարուելիք աշխատանքը՝ երկար: Պիտի ըսենք՝ «դեռ շատ ջուր կը վերցնէ…», անհրաժեշտ հեղուկ մը, որուն ծորակը արմաւիրցիներու եւ հաւանաբար այլոց համար, զարմանալիօրէն փակուած կը թուի ըլլալ, իսկ կարգ մը աննիւթական ծորակներ ալ սկսած են վերադասաւորուիլ մարզերու եւ այլ ոլորտներու մէջ:
ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ պէտք է առաջին հերթին: ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ մը, որ հետզհետէ սկսած է գոյութիւն չունենալ: Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայ աղիողորմ պատկերը ահազանգ մըն է: Նախ մեր պետութիւնը շտկենք, իսկ ատիկա Ազգային Ժողովի ներկայ պատկերով դժուար թէ պատահի. միայն ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ պահպանելու ատակ մարդիկ ղեկին վրայ ունենալէ ետք կարելի պիտի ըլլայ դէմ դիմաց, կլոր սեղանի շուրջ նստիլ եւ առանց GPS-ի կամ գերիներու դիմաց քարտէսներ յանձնելու յարաբերութիւններու մասին խօսիլ, անշուշտ առաջնահերթութիւն նկատելով մեզմէ հին ու նոր խլուած հողերուն՝ սեփականատիրոջ վերադարձը, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու լիակատար հատուցումը եւ Արցախի հիմնահարցին արդար լուծումը:
Հոս ալ փակուղիի մէջ ենք: Երբ Հայ դատի համար պայքար մղող յանձնախումբեր ոգի ի բռին աշխատանք կը տանին ի նպաստ Արցախի ճանաչման, անոնց դիմացը, ներկայ իշխանաւորները անտարբերութիւն, կրաւորականութիւն (passive) կը ցուցաբերեն, ուրեմն, կը ստեղծուի տարօրինակ կացութիւն: Այնքան մը՝ որ ի նպաստ Արցախին գործող օտար կազմակերպութիւններ ու քաղաքագէտներ կրնան հարց տալ. «Ինչպէ՞ս կը պատահի, որ մենք ամէն ճիգ կը թափենք ի խնդիր Արցախի անկախութեան ճանաչման եւ իրաւունքներուն, իսկ Հայաստան անտարբերութիւն կը ցուցաբերէ»:
Մենք ալ իրաւունք ունի՞նք հարց տալու, թէ Հայաստան արդեօք նոր «ռազմավարութի՞ւն» որդեգրած է, այսինքն՝ սահմաններու եւ Արցախի պաշտպանութիւնը վստահիլ ռուսական ուժերուն, իսկ իրաւունքներու հետապնդումը՝ օտարներուն (առեւտրական աշխարհին մէջ կայ outsourcing հասկացութիւնը), իսկ մենք, իբրեւ պետական իշխանութիւն՝ ընելիք ունի՞նք։
Նոյն տրամաբանութեան հետեւելով, կրնանք աւելցնել. Յունիս 20-ի արտահերթ ընտրութիւնները եթէ իսկապէ՛ս թափանցիկ էին ու արդիւնքը՝ ցուցանիշ, ուրեմն պատկերը պարզ ու մեկին ցոյց կու տայ, թէ «Արցախը Հայաստան չէ եւ վերջ…»:
Միթէ աշխարհի մէջ, անշուշտ ներառեալ՝ Հայաստանի, լիարժէքօրէն ժողովրդավարական եւ անկեղծ ընտրութիւն գոյութիւն ունի՞: Դժուար է նման «սցենար» ունենալ:
Հարցումին պատասխանեմ այլ մօտեցումով: Հայկական շահերը յառաջ տանելու միակ միջոցը ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ կը կոչուի: Անձնական եւ մութ հաշիւները պէտք է անյապաղ մէկդի ձգել, ձեռքեր սոթտել եւ թափանցիկ կերպով գործել, քանզի փուլ եկած են ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ:
Դժբախտաբար, բեմահարթակներուն վրայ այս իրականութեան քովէն չենք անցնիր:
Հաւանաբար կրթական նախարարութիւնը (այսինքն՝ գոյութիւն ունեցող մնացորդացը), իր վերամշակած ծրագիրներէն զեղչած է նաեւ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Եղբայր Եմք Մեք»-ը: Փոխարէնը, 2016-ի գրականութեան Նոպէլեան մրցանականիր Պոպ Տիլընի «A Hard Rain’s A-Gonna Fall» (թարգմանութեան եւ յաւելեալ բացատրութեան կարիք չկայ) երգ-բանաստեղծութեան մթնոլորտն է, որ կը տիրէ:
Ի զուր կ՚ահազանգենք, կ՚ազդարարենք, մելան կը հոսեցնենք: Արդեօք յոռետե՞ս ենք, թէ՞… հեռատես: Բայց ի վերջոյ կարելի չէ, պէտք չէ վհատիլ: Յոյսով ենք: